ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչական կուսակցութեան հիմնադրութեան 125ամեակի միջոցառումներու ծիրէն ներս, կուսակցութան անդամներն ու համակիրները հաւաքուեցան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ, ոգեկոչելու համար զոհուած անմահ բոլոր նահատակներուն յիշատակը, նախագահութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին:
Կիրակի, 7 Հոկտեմբերին, կուսակցութեան ղեկավարութիւնը ծաղկեպսակ զետեղեց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող մատուռին առջեւ: Կուսակցութեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէին ՍԴՀԿ Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ պետական երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեանը եւ միեւնոյն մարմինի անդամ տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեանը, ՍԴՀԿ Լիբանանի շրջանի վարիչ մարմինի ատենապետ Ալեքսան Քէօշկէրեանը, Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Վարդան Աւագեանը, պետական երեսփոխաններ Սերժ Թուրսարգիսեանը, Ժան Օղասապեանը եւ Շանթ Չինչինեանը, Պէյրութի քաղաքապետութեան անդամ Արամ Մալեանը, կուսակցութեանց մասնաճիւղերու եւ միութիւններու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ:
Պաշտօնական պատուիրակութեան անդամները, կուսակցականներն ու համակիրները ապա մասնակցեցան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին, որուն աւարտին Հնչակեան կուսակցութեան նահատակներու հոգեհանգստեան արարողութիւնը նախագահեց Արամ Ա. կաթողիկոս: Ապա վեհափառը կուսակցութեան պատուիրակութիւնը ընդունեց վեհարանին մէջ: Լիբանանի շրջանի վարիչ մարմինի ատենապետ Ալեքսան Քէօշկէրեանը իր արտասանած խօսքին մէջ պարզաբանեց հոգեհանգստեան արարողութեամբ զոհերու յիշատակը յարգելու գաղափարը, եւ աւելցուց. «Աւանդութիւն մը յարգած ըլլալու համար չէ՛ միայն այս արարողութեան խնդրանքը: Խորապէս յարգելով մեր ժողովուրդին բոլոր աւանդութիւնները՝ այս հոգեհանգիստը յարգանքի նուազագոյն տուրքն է բոլոր անոնց, որոնք Հնչակեան դրօշակին տակ, Հնչակեան կուսակցութեան ընդմէջէն իրենց ամենաթանկագինը նուիրեցին՝ յանուն ազգին ու հայրենիքին»: Քէօշկէրեան ապա թուեց կուսակցութեան բիւրաւոր նահատակներէն քանի մը ղեկավարներու անուններ, որոնք ինկած են՝ սկսելով հայ ազատագրական պայքարի ցոյցերէն եւ ապստամբական ելոյթներէն, անցնելով Իթթիհատի վարչակարգին դէմ պայքարէն, Արեւելեան Հայաստանի սահմաններու պաշտպանութենէն, Կիլիկիոյ ինքնապաշտպանական կռիւներէն, ու հասնելով մինչեւ սփիւռքեան կեանքը եւ Արցախի ազատագրումը:
Հնչակեան կուսակցութեան նահատակներու յիշատակին նուիրուած իր պատգամին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս յիշեցուց, որ մեր ժողովուրդի ընդհանրական ու գերագոյն շահերուն, սկզբունքներուն ու իտէալներուն համար իրենց անձը զոհաբերող մարդիկը՝ նահատակներն են: «Մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս գործող որեւէ կառոյց, որ կը գործէ մեր հայրենիքի եւ ազգի գերագոյն շահերուն համար, յարգելի է ու գնահատելի: Այսպէս եղաւ Հնչակեան մայր կուսակցութիւնը՝ անցնող 125 տարիներուն ընթացքին: Ոչ միայն իր մասնակցութիւնը բերաւ մեր ժողովուրդի հաւաքական պայքարի ճանապարհին, այլ մանաւա՛նդ Ցեղասպանութենէն ետք Սփիւռք դարձած մեր կեանքէն ներս Հնչակեան կուսակցութիւնը եղաւ ներկայութիւն՝ գործող, ծառայող, պայքարող, կազմակերպող ու մասնակցող ներկայութիւն, ի խնդիր մեր ժողովուրդի հաւաքական շահերուն», ըսաւ վեհափառ հայրապետը:
Անոր համաձայն՝ Սփիւռքի պատմութեան մէջ, Հնչակեան մայր կուսակցութիւնը իր կարեւոր տեղը եւ դերը ունեցած է: «Ոչ միայն ան եղած է մարտունակ կուսակցութիւն, այլեւ իր մարտունակ ոգիով մասնակցութիւն բերած է մեր հաւաքական կեանքի զանազան բնագաւառներէն ներս՝ կրթական, մշակութային, բարեսիրական, ազգային, քաղաքական, եւ այդ մասնակցութիւնը միշտ եղած է ամբողջական ու յանձնառու», հաստատեց Արամ Ա. կաթողիկոս:
Վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ կուսակցութիւնը կը պայքարի յանուն հայ ժողովուրդի արդար դատի յաղթանակին՝ նոյն ձգտումներով եւ ոգիով: «Հնչակեան կուսակցութեան նահատակները մեր ազգի նահատակներն են: Անոնք մեզի կու գան յիշեցնելու, թէ մեր ժողովուրդի պայքարի ճանապարհը չէ աւարտած: Երկար է այդ ճանապարհը, որովհետեւ մենք տակաւին պիտի պայքարինք մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու հատուցման համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.