Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան հիւր դասախօսը պիտի ըլլայ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ՝ նիւթ ունենալով «Նիկիական հաւատամքի Ս. Գրային եւ աստուածաբանական մեկնաբանութիւնը»:
Դասախօսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Արեւմտեան Ամերիկայի Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ (6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA), Կիրակի, Հոկտեմբեր 14ին, կ.ե. ժամը 1ին:
Նիկիական հանգանակը ընդունուած է 325ին, Նիկիոյ մէջ (Պոլսոյ մօտակայքը): Հոն, աշխարհի քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիներէն հայրապետներ եկած էին քննելու Արիոսի հակաքրիստոնեայ ուսուցումները, որոնք կը ժխտէին Քրիստոսի աստուածութիւնը եւ կ՛ըսէին, թէ Քրիստոս Հօր Աստուծոյ հետ համահաւասար չէ: Նիկիական հանգանակը, որպէս Ուղղափառ հաւատքի դաւանութիւն, ամէն Կիրակի Ս. պատարագի ընթացքին բարձրաձայն կ՛արտասանուի:
Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի Դպրեվանքէն աւարտելէ ետք՝ յաճախած է Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական համալսարանը եւ 1980ին ձեռնադրուած է կուսակրօն եկեղեցական։ 1983ին ամբողջացուցած է վարդապետական աւարտաճառը՝ «Վահան Գողթնացիի կեանքն ու նահատակութիւնը»՝ ստանալով վարդապետական աստիճան եւ գաւազան։ 1995ին ստացած է ծայրագոյն վարդապետի աստիճան։ 1998ին, Արամ Ա. վեհափառը զինք նշանակած է վարիչ տնօրէն՝ Կիրակնօրեայ վարժարաններու, եւ հոգեւոր խորհրդատու՝ Հայ եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողներու միութեան։ 2000ին հետեւած է Փիթսպըրկի Աստուածաբանական համալսարանի դասընթացքներուն եւ ստացած Աստուածաբանութեան եւ Ս. Գրային գիտութեանց մագիստրոսի աստիճան եւ վկայական։
Դասախօսութիւնը կազմակերպած է Քրեսենթա Հովիտի եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբը: Մուտքը ազատ է եւ հիւրասիրութիւն տեղի պիտի ունենայ յաւարտ Ս. պատարագի, որ կը սկսի ժամը 11ին: Այս ձեռնարկը կը հովանաւորեն բժիշկ եւ տիկ. Յովհաննէս եւ Քարլա Պարսեմեանները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.