ՍԻՏՆԻ.- Աւստրալիահայ գաղութի երեք յարանուանական եկեղեցիները, քաղաքական կուսակցութիւնները եւ բարեսիրական կազմակերպութիւնները կազմած են Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինը (ՍՕՄՄ), որպէս արդիւնք Սեպտեմբեր 2012ին կայացած համագումար-ժողովին՝ ներկայացուցչական եւ իրաւասու անդամներու մասնակցուցութեամբ:
Միացեալ Մարմինին մաս կը կազմեն՝ Հայ առաքելական եկեղեցին, Հայ կաթողիկէ եկեղեցին, Հայ աւետարանական եկեղեցին, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը եւ Հայ Օգնութեան Միութիւնը:
Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինը իր յայտարարութեան մէջ կը գրէ հետեւեալը.
«Վերջին քանի մը շաբաթներուն 18ամսեայ Սուրիոյ ներքին զինուորական իրադարձութիւնները նոր ու վտանգաւոր կացութիւններ ստեղծած են: Երկիրի զինեալ դէպքերու կրակէ օղակին մէջ բռնուած գլխաւոր տուժողը անմեղ բնակչութիւնն է, որուն մաս կը կազմէ նաեւ հայ համայնքը իր բոլոր կառոյցներով:
Սուրիոյ հայ համայնքը ունեցած է երկարատեւ եւ կայուն ներկայութիւն ու կը նկատուի հայկական Սփիւռքի ամենակենսունակ ու գլխաւոր կորիզներէն մին:
Շարունակուող աղէտալի բախումներուն որպէս արդիւնք, սուրիահայութիւնը կը գտնուի ծանր կացութեան դիմաց ինչպէս նաեւ արմատախիլ ըլլալու հարցականին տակ, հետեւաբար անմիջականօրէն կարիքը ունի համայն Սփիւռքի նիւթական օժանդակութեան:
Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք աւստրալահայ գաղութի բոլոր անհատներուն, կազմակերպութիւններուն, որ իրենց ներդրումը բերեն սուրիահայութեան կարիքներուն եւ գաղթօճախի պահպանման համահայկական ճիգերուն: Մեր բոլորին աջակցութիւնը այս նախաձեռնութեան պիտի ապահովէ Սուրիոյ հայ համայնքի կենսունակութիւնը զգալի կերպով»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.