Վերջերս Մոսկուայի «Եունիփրէս» հրատարակչութիւնը ռուսերէնով լոյս ընծայեց Ալեքսանդր Թօփչեանի «Բանկ Օտոման» վէպը՝ Անահիտ Թօփչեանի թարգմանութեամբ եւ փոխուած վերնագիրով՝ «Բանկ Օտոմանի Գրաւումը»:
Երեւանի մէջ հրատարակուելէն վեց ամիս ետք, 2009ին «Արծիւ» հրատարակչութիւնը Պէյրութի մէջ լոյս ընծայեց վէպը՝ դասական ուղղագրութեամբ, իսկ 2010ին՝ թերթօնով, ամբողջութեամբ հրատարակեց ՀՅԴ օրկան «Երկիր» օրաթերթը:
Նշենք, որ Ա. Թօփչեանի նախորդ վէպերը նոյնպէս լոյս տեսած են մամուլի մէջ եւ առանձին հատորներով:
«Բանկ Օտոման»ի վերոնշեալ ռուսերէն թարգմանութիւնն ալ նախ ամբաղջութեամբ լոյս տեսաւ «Լիտերատուրնայա Արմէնիա» (2010թ. N3-4) պարբերաթերթին մէջ:
2010ին «Բանկ Օտոման»ը թարգմանուեցաւ ռումաներէնի, իսկ 2011ին՝ ֆրանսերէնի:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.