ՊՈԼԻՍ.- 5էն 10 Հոկտեմբերին, Գերմանիոյ Էրֆուրթ քաղաքին մէջ կայացաւ խոհարարական արուեստի ողիմպիականը, որուն ընթացքին յաղթող հռչակուեցան մոսկուայաբնակ Վերա եւ Ռենա Յովհաննիսեան քոյրերը։ Ողիմպիականը կը կազմակերպուի չորս տարին անգամ մը եւ անոր կը մասնակցին աշխարհի զանազան երկիրներէ հարիւրաւոր խոհարարներ։
Բազմակի ախոյեաններ Վերա Յովհաննիսեան եւ Ռենա Յովհաննիսեան առաջին անգամն է, որ մասնակցեցան Հայաստանի դրօշին ներքեւ, եւ լաւագոյնը հռչակուեցան հրուշակեղէն պատրաստելու անուանակարգին մէջ։ Յովհաննիսեան քոյրերը ներկայացուցին «Սառոյցի դարաշրջան» ժապաւէնի հերոսներու տեսքով խմորեղէն մը։
Նշենք, որ Վերա Յովհաննիսեան 2010ին Ռուսիոյ դրօշին տակ Լիւքսեմպուրկի մէջ մասնակցած է խոհարարներու աշխարհի բաժակին, իսկ 2011ին՝ Մալթայի մէջ միջազգային մրցումի մը, եւ երկուքէն ալ վերադարձած է ոսկեայ մետալներով։
2011ին Վերա Յովհաննիսեանը դարձած էր Հայ խոհարարներու միութեան անդամ՝ «աւագ խոհարար», եւ խոստացած էր այնուհետեւ իր խոհարարական գլուխ գործոցները ներկայացնել Հայաստանի դրօշին ներքեւ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.