Հայ տպագրութեան 500ամեակի եւ «Երեւանը՝ գիրքի համաշխարհային մայրաքաղաք» ծրագիրի ծիրին մէջ, Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի եւ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ եւ 5-6 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ «Անցեալի պահպանութիւն՝ յանուն ապագայի» խորագիրը կրող Հայկական գրադարաններու միջազգային երկրորդ համաժողովը:
Երկօրեայ համաժողովին մասնակիցները ձեւաւորեցին գործադիր մարմին մը՝ հետեւեալ կազմով. Արարատ քահանայ Պօղոսեան՝ Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի պաշտօնական մամուլի բաժինի խմբագիր, Ասողիկ քահանայ Կարապետեան՝ Մայր աթոռի ձեռագրատան, արխիւի եւ թանգարաններու տնօրէն, Տիգրան Զարգարեան՝ Հայաստանի ազգային գրադարանի տնօրէն, Տիրայր արք. Փանոսեան (Լիբանան, Անթիլիաս)՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մատենադարանի տեսուչ, Ներսէս աւագ քհնյ. Ներսէսեան (Բրիտանիա)՝ Լոնտոնի Ս. Եղիշէ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, Արա Ղազարեանց (Միացեալ Նահանգներ-Պոսթըն)՝ Հայ մշակութային հիմնարկութեան տնօրէն, Փիթըր Քաուի (Միացեալ Նահանգներ)՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Նարեկացիի անուան հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ, Միհրան Մինասեան (Սուրիա, Հալէպ), Ռոպեր Տէր Մերկերեան (Ֆրանսա, Մարսէյ), Անդրանիկ Տագէսեան (Լիբանան, Պէյրութ)՝ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրման կեդրոնի տնօրէն, Դաւիթ Ղազարեան (Հայաստան-Մատենադարան)՝ Մ. Մաշտոցի անուան հին ձեռագիրներու գիտահետազօտական հիմնարկ, Կարօ Մինասեան (Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիա)՝ Հիմնարար գիտական գրադարանի տնօրէն:
Համաժողովը արձանագրեց այն դրական զարգացումները, որոնք տեղի ունեցած են հայկական գրադարաններու առաջին համաժողովէն ետք, եւ նշեց, որ գրադարանային հաւաքածոներու թուայնացման կապակցութեամբ՝ կատարուած է բաւական լաւ աշխատանք։ Համաժողովին ձեւաւորուած է.
ա. Հայերէն հնատիպ գիրքի համահաւաք շտեմարանը.
բ. Հայաստանի գրադարաններու համահաւաք ելեկտրոնային գրացուցակը.
գ. Հայկական գիտատեղեկատուական հանգոյցը: Մինչեւ այս տարուան 1 Հոկտեմբերը, անոնք կը պարունակէին 800,000է աւելի գրառում եւ 500,000է աւելի թուայնացուած էջ: Թուայնացուած նիւթերը հասանելի են www.nla.am եւ www.flib.sci.am կայքէջերուն վրայ։
Համաժողովը որոշեց Գրադարանավարներու համահայկական համաժողով կայացնել՝ երկամեայ դրութեամբ, Թարգմանչաց տօնին՝ Հոկտեմբերի երկրորդ շաբաթ օրը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.