
Այս տարի եւս, Ճան Էմ. Ազարեանի յիշատակին հաստատուած կրթանպաստներու հիմնադրամը կրթանպաստներ հայթայթած է խումբ մը հայ ուսանողներու, որոնք են՝ Կրեկըրի Պոյաճեան, Թէյլըր Քարտըն, Սաթենիկ Միրզոյեան, Նարեկ Իշխանեան, Սօնա Սուլաքեան, Ստեփան Թովմասեան եւ Մարիա Եղիազարեան:
2013-2014 կրթական տարեշրրջանի կրթանպաստներու մասին հետաքրքրուողները կրնան այցելել www.azariangroup.com/scholarship.html կայքէջը:
Հիմնադրամը 1976էն ի վեր կրթանպաստներ կը տրամադրէ հայ ուսանողներու: