ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ռուսական «Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ յայտնած է. «Յստակ է, թէ վրացական հասարակութիւնը քուէարկեց ի նպաստ փոփոխութեան»՝ ակնարկելով Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 1ին կայացած խորհրդարանական ընտրութեանց, ուր իշխանամէտ ուժերը պարտութիւն կրած էին:
Ան յոյս յայտնած է, որ «խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրացական ընդդիմութեան յաղթանակը կը նպաստէ դրացի երկիրներուն հետ Վրաստանի յարաբերութեանց բարելաւման՝ աւելցնելով, որ «անպայմա՛ն դէպքերու այդպիսի զարգացում մը պիտի ողջունենք»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.