ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Լիպիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթոֆըր Սթիվընզի եւ ամերիկացի երեք դիւանագէտներու սպանութեամբ ամբաստանուող երկու կասկածելիներ, Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 5ին ձերբակալուած են Պոլսոյ «Աթաթիւրք» օդակայանին մէջ, կեղծ անձնագիրներով Թուրքիա մտնել փորձելու ընթացքին: Կասկածելիները Թունուզի քաղաքացիներ են:
Նշենք, որ դեսպանն ու դիւանագէտները սպաննուած էին Պենկազիի մէջ ամերիկեան հիւպատոսարանին վրայ այս տարուան Սեպտեմբեր 11ին տեղի ունեցած յարձակումի մը ընթացքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.