Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Երեխաներու խաղալիքներ վաճառող խանութներու մէջ կրնանք հանդիպիլ հսկայական բաժիններու, ուր այլազան խաղալիքներու հաւաքածոներ կան եւ երբեմն կը շուարինք եւ չենք կրնար գիտնալ թէ ինչպիսի ընտրութիւն պէտք է կատարենք: Իւրաքանչիւր խաղալիք, իր կարգին, կը խոստանայ ձեր զաւակին տալ առաւելագոյնը ու կատարեալը, սակայն ընտրութիւնը կը մնայ ձերը ու այդ մէկը քիչ մը յոգնեցուցիչ է:
Այս իմաստով յստակ իրականութիւնը այն է, թէ որքան պարզ ըլլայ խաղալիքը, այնքան աւելի օգտակար կը հանդիսանայ երեխայի միտքի զարգացման համար:
Ձեր գործը դիւրացնելու ու աւելի յստակ որոշումներ կայացնելու համար հիմնական ու դասական խաղալիքներու ցանկագրում կատարեցինք:
Խորանարդներ
Խորանարդները բաւական լաւ միջոցներ կը համարուին ուղեղի աշխատանքը զարգացնելու համար: Անոնք ինչ տեսակի կամ նիւթի ալ ըլլան, տակաւին կը ծառայեն որպէս լաւ միջոց որոշ աշխատանքային հմտութիւններ ձեռք ձգելու համար: Երեխան մեծնալով նաեւ իր խորանարդներու հասկացողութիւնն ալ հետը պիտի մեծնայ, անոր տալով ունակութիւններ, լուծումներ առաջադրելու եւ կամ պարզ թուաբանական հաշիւներ կատարելու համար:
Տարբեր չափերով գաւաթներ
Վստահ եմ, տեսած էք ու նկատած, թէ երեխաները ինչպիսի հետաքրքրութեամբ եւ ուշադրութեամբ տարբեր չափերով գաւաթներու խաղերով կը զբաղին: Երբեմն ամէնէն անհանդարտ երեխան անգամ կը վերանայ այդ գաւաթներով աշտարակներ շինած պահուն: Անոնք աշխատանքը կը կատարեն ու հիացմունքով կը հետեւին իրենց պատրաստած »հրաշագործութիւններուն«: Կեանքի առաջին տարին այս խաղալիքը այնքան անհրաժեշտ է երեխաներուն աշխատանքային ու մտածելու կարողութիւնը զարգացնելու համար: Նաեւ շարելու կամ հաւաքելու միջոցին աչքի ու ձեռքի շարժումներու մէկտեղման հմտութիւնն ալ ձեռք կը ձգէ երեխան: Փաստուած է, որ այս խաղը երեխաներուն իմացականութեան զարգացման նպաստող ամէնէն կարեւոր խաղերէն մէկը կը համարուի:
Երեխաներուն առիթ տուէք, որ նման խաղերով շատ զբաղին: Երբեմն անոնք նոյնիսկ կաթսաներով կը փափաքին զբաղիլ, որովհետեւ անոնք նոյն սկզբունքին կը պատկանին:
Գնդակներ
Գնդակները տարբեր ձեւերով ու չափերով գոյութիւն ունին եւ կը հմայեն երեխաները իրենց ամէնէն կանուխ տարիքին: Երեխաներու աճման մասնագէտները կը հաստատեն գնդակին առաւելութիւնները, աճող երեխաներու զարգացման հարցով՝ գրեթէ բոլոր տարիքներուն: Թող երեխաները միշտ գնդակով զբաղին: Շատ կանուխ տարիքին գնդակը պիտի օգնէ երեխաներուն տեսողութեան եւ ֆիզիքական աշխատանքի համատեղման ու ներդաշնակութեան զարգացման: Գնդակով խաղալը նաեւ պատճառ եւ հետեւանք հասկացողութեան շատ նախնական վիճակը կրնայ հասկցնել երեխաներուն: Ծնողական այլ շահ մը նաեւ գնդակներու պարագային, անոնք շատ երկար տարիներ կը ծառայեն, հետեւաբար այլ խաղալիքներու նման չես շուարիր, թէ շուտով ձանձրացած է երրեխան ու ձերբազատուելու մասին պէտք է մտածել:
Գիրքեր
Գիրքերը հրաշալի միջոցներ են լեզուական հնարաւորութիւնները զարգացնելու համար: Գիրք կարդալով ձեր երեխային հետ, անոր տրամաբանութեան զարգացումը կ՛ապահովէք, ինչպէս նաեւ յիշողութեան ու յարաբերութեան հմտութիւնները կը զարգանան գիրքերու տեղեկութիւնները միասնաբար վերատեսութեան ենթարկելով: Յստակ է, թէ առաջին տարին երեխան արտաքին աշխարհին կը ծանօթանայ իր ձեռքերուն ու բերանին միջոցաւ, հետեւաբար գիրքը ու անոր տուած տեղեկութիւնները լրիւ նոր հասկացողութեան ու հաղորդակցութեան նոր աշխարհ կը բանան իր առջեւ: Անհրաժեշտ է այս նոր միջոցին օգտագործումը երեխաներուն համար: Անշուշտ մեծնալով՝ իր աշխարհը ու շրջապատը պիտի սորվի ու ճանչնայ գիրքերով ու անոնց հայթայթած տեղեկութիւններով:
Սեւ ու Սպիտակ խաղալիքներ
Յստակ տարբերութիւնը երկու գոյներուն միջեւ, որոշ կերպով կրնայ տեսնել մինչեւ մէկ տարեկան երեխան. անիկա կրնայ օգնել իր տեսողութեան զարգացման ընթացքին: Երեխաներուն հայթայթեցէք նման խաղալիքներ, գիրքեր եւ զանազան առարկաներ կամ երկրաչափական ձեւեր: Տարբերութիւնը շատ պիտի զգաք:
Շարժուն ու ձայնաւոր խաղալիքներ եւ երաժշտական գործիքներ
Երեխաները մեծ ուրախութեամբ կը խաղան այն ձայնաւոր առարկաներով կամ երաժշտական գործիքներով, որոնք իրենց կատարած »աշխատանք«ով ձայն կու տան: Այս պարագային թէ՛ իրենց շօշափելու կարողութիւնը կը զարգանայ, միաժամանակ՝ լսողութիւնը:
Հայելիներ
Հայելիին նայելով երեխան պիտի տեսնէ իր պատկերը. անոնք շատ կը սիրեն երեխաներ դիտել: Նաեւ դէմքի արտայայտութիւններ դիտելով անոնք պիտի զարգացնեն իրենց ընկերային ունակութիւնները: Այսպէս, երեխան իրեն համապատասխան զբաղում կը գտնէ այդ միջոցին, երբեմն ժամերով հետեւելով այդ հանդիսատեսին:
Զբաղմունքի յատուկ գորգեր
Զանազան խաղալիքներով լեցուն զբաղմունքի փոքր գորգեր կան, որոնց վրայ երեխան կրնայ երկարած՝ այդ բոլորով զբաղիլ: Փորիկին վրայ պառկած՝ բաւական լաւ ժամանակ կրնայ անցընել:
Անձամբ կրնաք բաւական լաւ զբաղեցնել ու սորվեցնել ձեր երեխային, որոշ աշխատանքներ կատարելով ու հսկելով անոր ընթացքը: Կարդալով, խաղալով զբաղեցուցէք ձեր երեխան: Այս մէկը շատ կարեւոր է երեխային զարգացման համար: