
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Միշել Յակոբեան, ընկերակցութեամբ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի օրէնսդրական հարցերու վարիչ Ռաֆֆի Գարագաշեանի, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3ին շարք մը հանդիպումներ ունեցած է ամերիկացի քոնկրեսականներու հետ՝ անոնց փոխանցելով ամերիկահայութիւնը մտահոգող հարցերու մասին ամերիկահայութեան կեցուածքները:
Անոնք տեսակցութիւններ ունեցած են ծերակուտական Սքաթ Պրաունի, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Նիթա Լոուիի, Ալպիօ Սայրզի, Սքաթ Կերեթի, Ճիմ ՄըքԿավըրնի, Ռապըրթ Տոլտի եւ Տէյվիտ Սիսիսլինի հետ:
Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացած են Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման, Ատրպէյճանի իշխանութեանց կողմէ շարունակուող յարձակողապաշտ քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ու Թուրքիոյ մէջ բռնագրաւուած եկեղեցիները իրենց օրինական տէրերուն վերադարձնելու վերաբերող բանաձեւերուն վրայ: