
– Իրաք Թուրքիայէն պահանջած է Հիւսիսային Իրաքի տարածքէն դուրս բերել իր փոքրաթիւ զինուորական ուժը՝ դատապարտելով Իրաքի մէջ ռազմական գործողութիւններ իրագործելու համար նախորդ տարի տրուած եւ Հոկտեմբեր 17ին աւարտող լիազօրութեան ժամկէտը մէկ տարիով երկարաձգելու Թուրքիոյ խորհրդարանի որոշումը:
– Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ համագործակցութեան խորհուրդի երրորդ հաւաքին մասնակցելու համար, Հոկտեմբեր 14ին պիտի այցելէ Թուրքիա: Անոր պիտի ընկերանան քանի մը նախարարներ եւ պետական պաշտօնատարներ:
– Ատրպէյճանական աղբիւրներ հերքած են այն լուրերը, թէ Մոսկուայի եւ Պաքուի միջեւ Կապալայի ռատարի կեդրոնի վարձակալութեան ժամկէտը երկարաձգելու վերաբերեալ համաձայնութիւն գոյացած է: Պաքու կ՛ուզէ կեդրոնին վարձքը 7 միլիոնէն 300 միլիոն տոլարի բարձրացնել: