
ԵՐԵՒԱՆ «Երկիր».- Հայաստանի խորհրդարանը Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 4ի նիստին ընթացքին վաւերացուց 2011ի պետական պիւտճէի կատարման հաշուետուութիւնը: ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութիւնը, որ դէմ քուէարկած էր 2011ի պիւտճէին, դէմ քուէարկեց նաեւ անոր կատարման հաշուետուութեան:
Ազգային ժողովին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խմբակցութեան դիրքորոշումը յայտնելու ժամանակ, ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան ընդգծեց, թէ այս մէկը «մի տեսակ արարողակարգային գործընթաց է դարձել. ամէն տարի կառավարութիւնը բիւջէն բերում է, յանձնաժողովները քննարկում են, պատգամաւորները քուէարկում ու անցկացնումէ: ՀՀԿականների միակ դժուարութիւնը պատգամաւորներին հաւաքել, դահլիճ բերելն է, ունեն մեծամասնութիւն եւ ցանկացած հարց կարող են անցկացնել ու ոչ մի բանի առջեւ չեն կանգնում»:
Այն հարցումին, թէ նման պայմաններու մէջ ընդդիմադիր փոքր խմբակցութիւններու համար աշխատելը դժուար չէ՞, ան պատասխանեց. «Ի վերջոյ, սա խորհրդարան է, հարկաւոր է կարողանալ մօտեցումները յստակ ներկայացնել, իսկ դրանից հասարակութիւնը թող դատի՝ ո՞վ ո՛վ է, ո՞վ ի՛նչ է անում, ո՞վ ինչ է ասում»: Ան ըսաւ, թէ կատարողականին յստակ գնահատական չէ կրցած տալ թէ՛ հասարակութիւնը եւ թէ Ազգային ժողովը:
Աղուան Վարդանեան կառավարութեան առաջարկեց մտածել պիւտճէի կատարողականի վերաբերեալ նոր մօտեցումներ որդեգրելու մասին, եւ եթէ կարիք կայ՝ օրէնսդրական փոփոխութիւններ կատարել: «Պէտք է հաշուետուութիւնը դարձնենք չափելի, կշռելի, համեմատելի, երբ պատգամաւորը ծանօթանայ այդ արդիւնքներին՝ կարողանայ գնահատական տալ», նշեց Աղուան Վարդանեան: