
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Նկատի ունենալով ՀՄԸՄ «Արարատ»ի եւ ՀՄԸՄի շրջանային վարչութեան վաղամեռիկ անդամ Ռիմա Աբեդի Սաղրեանի նուիրեալ ծառայութիւնը ՀՄԸՄին, որոշուած է Կլենտէյլի ՀՄԸՄ «Արարատ» մասնաճիւղի կեդրոնին «Կապոյտ» մարցասրահը այսուհետեւ կոչել Ռիմայի անունով:
Այս առիթով տեղի ունեցած յարտուկ ձեռնարկի մը ընթացքին բացումը կատարուեցաւ նաեւ Ռիմայի յիշատակին պատրաստուած յուշատախտակին եւ անոր սկուատական օրերու տարազներէն, լուսանկարերէն պատրաստուած յատուկ անկիւնին: Նաեւ յիշուեցան Ռիմայի իրագործումները եւ անոր անունով հաստատուած կրթանպաստը, Աբեդի եւ Սաղրեան ընտանիքներու նուիրատուութիւններով գոյացած, որմէ ետք զգացական ելոյթ մը ունեցաւ Ռիմայի ամուսինը՝ Տէյվիտը, ինչպէս նաեւ «Արարատ» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ հալիկ Իսաղուլեան, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ռաֆֆի Մանուկեան եւ հանդիսավար Արիկ Գէորգեան: