ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կիրակի, Սեպտեմբեր 23ին, առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախագահութեամբ եւ հրաւիրեալ հիւրերու մասնակցութեամբ, պաշտօնապէս տօնախմբուեցաւ Քոսթա Մեսայի, առաջնորդարանի եւ Ս. Էջմիածինի բարերար եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ պատուոյ շքանշանակիր՝ Անդրանիկ Զօրայեանի ծննդեան 80րդ տարեդարձը:
Սրբազանը, որ մօտէն ծանօթ է տէր եւ տիկին Անդրանիկ եւ Վըրժինիա Զօրայեաններուն ծառայութիւններուն եւ բարերարութիւններուն, իր ջերմագին շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Զօրայեաններուն՝ քաջառողջութեան եւ արեւշատութեան մաղթաքներով:
Ապա, Աւետիս քհնյ. Աբովեան ընթերցեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարէգին Բ. յղած Հայրապետական օրհնութեան եւ գնահատանաց գիրը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.