
ՊՈԼԻՍ.- Հանրապետական շրջանի պոլսահայ գրականութեան եզակի գրողներէն Զաւէն Պիպեռեանի «Եալնըզլար» վէպը, որ անոր հայերէնով ստեղծած «Լկրտածը» վէպի թրքերէն թարգմանութիւնն է, վերահրատարակուած է Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատան կողմէ: Գանատահայ համայնքին կողմէ լոյս տեսնող «Ապագայ» ազգային, մշակութային եւ հասարակական շաբաթաթերթին համաձայն, 240 էջերէ բաղկացած հատորը կը վերաբերի Թուրքիոյ ոչ հեռաւոր անցեալին, հոն կան ուրոյն դիտարկումներով հիւսուած դէպքերու ներկայացում, որոնք տեղի կ՛ունենան 1950ական թուականներուն Էրեն գիւղին մէջ: Հեղինակը կ՛անդրադառնայ թուրք, հայ, հրեայ եւ յոյն հաւաքականութիւններուն անհաղորդ ըլլալու երեւոյթներուն եւ կը ներկայացնէ առանձնութեան դատապարտուածներուն զայրոյթը:
Հեղինակը երկար տարիներ աշխատակցած է «Ժամանակ» օրաթերթին՝ մաս կազմելով խմբագրական կազմին: Անոր գլուխ գործոցը կը նկատուի «Մրջիւններու վերջալոյսը» գործը, որ նախ որպէս թերթօն հրատարակուած է «Ժամանակ» թերթին մէջ, ապա գիրքի վերածուած է մահէն (1984) քանի մը շաբաթ առաջ: Այս գիրքը եւս թրքերէնի թարգմանուած է եւ 1998ին հրատարակուած «Արաս»ի կողմէ: