ՓԱՐԻԶ.- Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 25ի երեկոյեան, ՀԲԸՄի Փարիզի «Ալէք Մանուկեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Արմէնիաքա» ցուցահանդէսի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Կեդրոնին երկու յարկերու պատերուն զետեղուած էին մեծ, երկար որմնազդներ, ուր երկու լեզուներով՝ հայերէն եւ ֆրանսերէն, տեղ գտած էին հայկական ճարտարապետական ժառանգութեան ուսումնասիրութեան, ցուցակագրման եւ յաւերժացման գործին իրենց նպաստը բերած գիտնականներու, նուիրեալներու եւ կազմակերպութիւններու անունները ու անոնց մասին բացատրութիւններ: Այսպէս, յիշուած էին անունները՝ ի շարս այլոց՝ Ն. Մառի, Ա. Կրապարի, Նիքոլ եւ Ժան-Միշել Թիերիներու, Ա. Հախնազարեանի, Ա. Զարեանի, Ա. Մանուկեանի, Հ. Վահրամեանի, Ա. Ալփակօ-Նովելլոյի, Փ. Տօնապետեանի, Հայկական ճարտարապետութեան ուսումնասիրութեան կեդրոնի (RAA), Միլանոյի Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրման եւ փաստագրման կեդրոնի (CSDCA), եւ այլոց:
Ծայրէ ծայր լեցուած սրահին մէջ տեղ գրաւած էին նաեւ Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան, դեսպանորդ Վահագն Աթաբեկեան, Ֆրանսայի Հայոց թեմակալ առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան եւ բազմաթիւ այլ անձնաւորութիւններ:
Բացման խօսքը արտասանեց ՀԲԸՄի Ֆրանսայի նախագահ Ֆիլիփ Փանոսեան: Ողջունելէ ետք ներկաները՝ կարճ բացատրութիւններ տուաւ ցուցահանդէսին մասին եւ ըսաւ, թէ անիկա պիտի ներկայացուի Ֆրանսայի այլ քաղաքներու մէջ եւս, ինչպէս նաեւ՝ արտասահմանի:
Անոր յաջորդեց դեսպան Չիտեչեան, որ նոյնպէս կարճ ելոյթ մը ունեցաւ. ան ողջունեց «Արմէնիաքա»ի նախաձեռնութիւնը եւ ընդգծեց կատարուած գործին կարեւորութիւնը:
Վերջին խօսք առնողը եղաւ Յարութիւն Գէորգեանը, որ «Արմէնիքա» ծրագիրի համակարգողն է: Ան հանգամանալից կերպով ներկայացուց իր ղեկավարած գործը ու բացատրեց, թէ «Արմէնիաքա»ի նպատակն է աւերիչներու անդադրում յարձակումներուն ենթակայ կամ իրենց ճակատագիրին լքուած հայկական ճարտարապետական կոթողները յաւերժացնել՝ գէթ կատարուած ուսումնասիրութիւններու, թուայնացուած լուսանկարներու եւ փաստագիրներու միջոցով:
Յ. Գէորգեան նաեւ ըսաւ, որ նախաձեռնութեան գաղափարը ծնունդ առած է 40 տարի առաջ՝ Թիերի ամոլին կատարած գործը արժեւորելու նպատակով: Սկիզբը եղած է սոսկ ֆրանսական չափանիշով, ապա ընդլայնուած է եւրոպականին, ու այսօր կը հանդիսանայ Եւրոպական Միութեան հովանաւորութիւնը վայելող ծրագիր մը: Ան յայտնեց նաեւ, թէ սկիզբնական շրջանին առաւել չափով ՀԲԸՄի հովանաւորութիւնը վայելող նախաձեռնութիւն էր անիկա, սակայն այսօր շատ աւելի ընդարձակուած է անոր դաշտը:
Յ. Գէորգեան, շեշտելու համար կատարուած աշխատանքին կարեւորութիւնը եւ անողոք ժամանակին դէմ պայքարը՝ ըսաւ, թէ այսօր գոյութիւն ունին լուսանկարներ հայկական պատմական կոթողներու, որոնք արդէն անհետացած են: «Սլայտ»ներու միջոցով ան ցոյց տուաւ կատարուած աշխատանքը՝ անհրաժեշտ բացատրութիւններով: Ան աւելցուց նաեւ, որ Եւրոպական յանձնախումբէն 200,000 եուրոյի գումար մը ստացած են՝ որպէս յատկացում, եւ առնուազն նոյնքան եւս անհրաժեշտ է գոյացնել՝ լաւագոյն ձեւով շարունակելու համար սկսուած գործը:
Գէորգեան իրաւացիօրէն նշեց նաեւ, որ այս «գործիքը» կրնայ կարեւոր դեր խաղալ Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաշեմին:
Երեկոյթը վերջ գտաւ ընդունելութեամբ մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.