
ԹԱՒՐԻԶ.- Հինգշաբթի, 27 Սեպտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12ին, Ատրպատականի Հայոց թեմի հին ձիակառքը, որ շինուած էր ճիշդ 100 տարիներ առաջ՝ 1912 թուականին, փոխադրուեցաւ յատուկ ատաղձագործարան, մասնագիտական վերանորոգութեան ենթարկուելու համար:
Հոգելոյս Ներսէս արք. Մելիք-Թանգեանի առաջնորդական օրերէն մեզի հասած սոյն յիշատակը, տարիներու ընթացքին անգործածելի իբրեւ իր լքուած ըլլալուն, վերջնական փտումի աստիճանին հասած էր: Ձիակառքը երկար տարիներ ծառայած է թեմին, ընդհանրապէս հանգուցեալներու դագաղները Ազգային գերեզմանատուն փոխադրելու համար, իսկ աւելի վաղ ժամանակներուն, առաջնորդի տեղափոխութեան նպատակով: Ունի չորս գեղաքանդակ խաչածայր սիւներ, իսկ ծածկին վրայ եւս նոյնանման խաչ:
Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի անմիջական հսկողութեամբ, եւ մասնագէտներու ձեռամբ սկսած վերանորոգութեան աշխատանքով, ձիակառքը պիտի ստանայ իր նախկին շքեղ տեսքը, ու ապա իբրեւ հարիւրամեայ յիշատակ, ապակեայ ծածկի տակ պիտի զետեղուի Ազգային առաջնորդարանի շրջափակին մէջ, վիթխարի ծառերու շուքին տակ: Տեղին է նշել, որ ձիակառքը շինուած է Մելիք-Թանգեան սրբազանի պատուէրով, ու վարպետ ատաղձագործ Եսայի Պուտաղեանի ձեռամբ, (թեհրանաբնակ Յուսիկ Պուտաղեանի մեծ հայրը): Բախտաւորութիւն է նաեւ, որ ցարդ Թաւրիզի մէջ կ՛ապրի 90 ամեայ Արշաւիր Պուտաղեանը, որ իր արհեստին բերումով բազմիցս վերանորոգած է սոյն ձիակառքը, եւ հիմա ալ պիտի հետեւի վերանորոգութեան աշխատանքներուն, որպէսզի սկզբնատիպ պատկերը պահպանուի:
Յայտնենք նաեւ, որ Ատրպատականի Հայոց թեմի արժէքաւոր իրերու վերջնական դասաւորման ու ցուցադրութեան նպատակով, թանգարանային համալիրի ծրագիրը եւս կ՛ուսումնասիրուի, երկիրի մշակութային ժառանգութեանց յատուկ բաժանմունքին հետ համախորհուրդ: