
Սեպտեմբեր 29ին, Երեւանի «Արմէնիա-Մարիոթ» հիւրանոցի ժողովասրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄի կազմակերպութեամբ խորհրդաժողով մը՝ «Երեխաների պաշտպանութեան համակարգը Հայաստանում, Սփիւռքի դերը համակարգի ձեւաւորման գործընթացում» թեմայով: Խորհրդաժողովը կազմակերպուած էր ՀՕՄի «Ծնողազուրկ երեխաներու խնամակալութեան» ծրագիրի քսանամեակի նշումի ձեռնարկներու ծիրէն ներս:
Խորհրդաժողովի նպատակն էր Հայաստանի մէջ երեխաներու նկատմամբ բռնութիւններու կանխարգելման, երեխայի զարգացման վրայ խնամատար հաստատութիւններու ազդեցութեան, Հայաստանի մէջ այլընտրանքային ծառայութիւններու ձեւաւորման գործընթացի, ինչպէս նաեւ երեխայի պաշտպանութեան դաշտին մէջ պետական քաղաքականութեան ու արդի մարտահրաւէրներու արծարծումը եւ նշեալ խնդիրներու լուծման եղանակներու առաջադրումը ինչպէս նաեւ սփիւռքահայութեան դերակատարութիւնը այդ լուծումներու գործադրութեան մէջ:
Մասնակիցներու շարքին էին հայկական պետական, միջազգային ու հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ՀՕՄի տարբեր երկիրներու մէջ գործող միաւորներու անդամներ:
Խորհրդաժողովի սկզբնաւորութեան ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեանը, ԼՂՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Նարինէ Նարիմանեանը, Հայաստանի մէջ ՄԱԿի Մանկական հիմնադրամի (UNICEF) ներկայացուցիչ Հանրիէթ Ահրենսը, որ միաժամանակ անդրադարձաւ «Այլընտրանքային ծառայութիւններու ձեւաւորման գործընթացը Հայաստանի մէջ, առկայ խնդիրները, առաջարկներ» թեմային: ՀՕՄի անունով սեմինարը ողջունեց Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Լիզա Աւագեան:
Խորհրդաժողովի ընթացքին ներկայացուեցան հետեւեալ նիւթերը.
– Աննա Մնացականեան (ՀՕՄ)՝ «Որբ երեխան հայ աւանդական եւ խորհրդային ժամանակաշրջաններուն»:
– Յարութիւն Բալասանեան («Խարբերդ» մանկատան տնօրէն)՝ «Հաստատութեան մէջ տեղաւորման ազդեցութիւնը երեխայի զարգացման վրայ»:
– Աննա Յարութիւնեան («Փրկենք երեխաները» կազմակերպութիւն)՝ «Երեխաներու նկատմամբ բռնութիւններու կանխարգիլումը Հայաստանի մէջ»:
– Լալա Ղազարեան (Հայաստանի Հանրապետութեան աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան ընտանիքի, կանանց եւ երեխաների վարչութեան պետ)՝ «Երեխայի պաշտպանութեան դաշտ. Պետական քաղաքականութիւնը եւ արդի մարտահրաւէրները»:
Բոլոր խօսնակները ծանրացան ծնողազուրկ կամ ծնողական խնամքէ զուրկ երեխաները խնամատարական հիմնարկներու փոխարէն ընտանեկան հարկի տակ խնամելու անհրաժեշտութեան վրայ, արձանագրելով, որ որդեգիր ընտանիքի ստեղծած ջերմութիւնը հիմնականօրէն կրնայ փոփոխութեան ենթարկել երեխայի մտաւոր ու զգացական զարգացումը: Պետական ու մանկատան պատասխանատու անձնաւորութիւններ անդրադարձան, որ թէեւ անցնող տարիներուն մեծապէս բարելաւուած է Հայաստանի մէջ խնամատարական հիմնարկներու վիճակը, բայց այդ բարելաւումը կը մնայ նիւթական ու ֆիզիքական բարելաւում եւ չի կրնար փոխարինել ընտանեկան գուրգուրանքն ու ջերմութիւնը: Բոլոր մասնակիցները կոչ ուղղեցին հայրենի եւ արտերկրի պետական ու ոչ-կառավարական կառոյցներու միջեւ գործակցութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ նուազագոյնի իջեցնել խնամատարական հիմնարկներու մէջ ապրող երեխաներու թիւը, նիւթական եւ ընկերային օժանդակութիւն տրամադրելով յատկապէս ա՛յն ընտանիքներուն, որոնք նիւթական կամ ընկերային խնդիրներու պատճառով պարտաւորուած կ՛ըլլան իրենց երեխաները յանձնել հիմնարկներու:
Նիւթերու ներկայացման յաջորդեց մասնակիցներուն հետ հարց ու պատասխանի բաժին: