ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26ի երեկոյեան, թրքական պատկերասփիւռի կայաններու հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Էրտողան հաստատեց թրքական մամուլին մէջ վերջին քանի մը օրերուն տարաձայնուած այն լուրը, թէ կառավարութիւնը կը պատրաստուի դարձեալ բանակցելու Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան բանտարկուած ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի կամ անոր ներկայացուցիչներուն հետ՝ միաժամանակ ազդարարելով, թէ նոյնիսկ եթէ նման բանակցութիւններ սկսին, քիւրտ յեղափոխաթկաններու դէմ զինեալ գործողութիւնները պիտի շարունակուին:
Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ներկայացուցիչներու հետ բանակցութիւններ սկսած էին անցեալ տարի, Օսլոյի մէջ, սակայն անոնք ընդհատուած էին Անգարայի որդեգրած կարծր դիրքորոշումին պատճառով:
Էրտողան ըսած է, որ Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր նպատակը՝ «երկու կողմէն զէնքերը վար դնելու» համաձայնութեան մը գոյացումն է:
Անցեալ տարուան Օսլոյի բանակցութիւնները նախ հանրութենէն գաղտնի պահուած էին, սակայն որոշ ժամանակ ետք բացայայտուած էին Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան կողմէ, որ այս հարցով նաեւ խստօրէն քննադատած էր Էրտողանի քայլերը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.