ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Աշխարհի ամէնէն հարուստ հայը՝ 95ամեայ Գըրգ Գըրգորեանը, որուն ունեցուածքը կը գնահատուի 2.9 միլիառ տոլարով, Միացեալ Նահանգներու 400 միլիառատէրերու ցանկին մէջ՝ «Ֆորպս» ամսաթերթին կողմէ պատրաստուած, կը գրաւէ 142րդ դիրքը։
Առաջին հորիզոնականին վրայ է «Մայքրոսոֆթ»ի տէր Պիլ Կէյցը, որուն ունեցուածքը 66 միլիառ տոլար է: Երկրորդ դիրքի վրայ է Պերքշիր Հաթավէյ ընկերութեան տէր Ուորըն Պաֆեթը՝ 46 միլիառ տոլարով, երրորդ՝ Օրակլից Լարի Էլիսընը՝ 41 միլիառ տոլարով:
Համալսարանական կրթութիւն չունեցող եւ շատերու կողմէ «Ամերիկեան երազի» կերպար հանդիսացող Քրքորեանը «Էմ. Ճի.Էմ. Միրաժ» ընկերութեան ղեկավարն է եւ կը կոչուի Լաս Վեկասի կնքահայր: Նախորդ տարի անոր ունեցուածքը գնահատուած էր 3.5 միլիառ տոլարով։
Կէս տարի առաջ Գըրգորեան սկսած է հանդիպելու, իսկ յետոյ նշանուած է հոլիվուտեան յայտնի կատակերգակ Ռոտնի Տենճըրֆիլքտի այրի Ճոանի հետ: Անոնց տարիքային տարբերութիւնը մեծ է, Ճոան 59 տարեկան է, Քրքորեան՝ 95:
Յատուկ ուշադրութիւն գրաւած էր այս տարի Ճոանի կողմէ Գըրգորեանի կատարուած ծննդեան նուէրը։ Ան պարողներու խումբ մը հրաւիրած էր Գըրգորեանի գտնուած պանդոկը, Ճոանի հետ շրջափակին մէջ պտըտելու ընթացքին խումբը Գըրգորեանի ի պատիւ պար մը ներկայացուցած է։ 95ամեայ միլիառատէրը նախ վախցած է, յետոյ՝ ուրախացած։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.