ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Անատոլու».- ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովին համար Միացեալ Նահանգներ այցելող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Նիւ Եորքի մէջ հանդիպումներ ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի եւ Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատի հետ:
Քլինթընի եւ Տաւութօղլուի միջեւ շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին, քննարկման հիմնական նիւթերը եղած են ՆԱԹՕի ծիրէն ներս գործակցութիւնը, Իրաքը, Սուրիան, թուրք-իսրայէլեան յարաբերութիւնները եւ վերջերս մեծ աղմուկ հանած «Իսլամներու անմեղութիւնը» շարժապատկերը:
Տաւութօղլու Քլինթընին տեղեկութիւններ ներկայացուցած է Թուրքիա ապաստանած սուրիացի գաղթականներու վիճակին մասին, իսկ Քլինթըն, անդրադառնալով Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններուն՝ յոյս յայտնած է, որ երկկողմանի կապերու բարելաւման համար երկու երկիրներն ալ անհրաժեշտ քայլերու կը ձեռնարկեն:
Իրանի նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին, Տաւութօղլու իր անհանգստութիւնը յայտնած է վերջերս իրանցի որոշ քաղաքական գործիչներու կողմէ Թուրքիոյ հասցէին կատարուած մեղադրանքներուն կապակցութեամբ: Կողմերը անդրադարձած են նաեւ Սուրիոյ իրադարձութեանց եւ առնուելիք հետագայ քայլերուն, որոնք կրնան նպաստել այդ տագնապի խաղաղ լուծման:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.