
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան 27 Սեպտեմբերին ընդունած է Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեանը, ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Նարինէ Գալստեանը, Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Լիզա Աւագեանը եւ Ալեսեա Բեջանեանը:
Հանդիպումին ընթացքին այլ հարցերու կողքին քննարկուած են Հայաստանի մէջ ապաստանած սուրիահայերը յուզող խնդիրներ: Նախարարը ՀՕՄուհիներուն հաստատած է, որ սուրիահայութեան վերաբերող բոլոր հարցերը՝ Հայաստանի նախագահին յանձնարարութեամբ, յատուկ ուշադրութեան առարկայ են բոլոր նախարարութիւններուն կողմէ, եւ որ Սփիւռքի նախարարութիւնը ունի Սուրիայէն Հայաստան եկած հայրենակիցներուն մասին հարկ եղած տեղեկութիւնները, որոնց հիման վրայ կ՛աշխատի աջակցիլ Հայաստանի մէջ անոնց կեցութեան ապահովման առնչուող հարցերու լուծման։
Հանդիպման ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է միացեալ ծրագիրներ իրականացնելու վերաբերող։