ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի նախագահութեամբ 27 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի նորանշանակ կառավարութեան անդրանիկ նիստը:
Անդրադառնալով նախկին կառավարութեան կատարած աշխատանքներուն՝ նախագահը նշած է, որ, ընդհանուր առմամբ, անիկա կրցած է իրականացնել նախատեսուած ծրագիրները, որոնք կ՛արտացոլան 2007-2012ի հասարակական-տնտեսական զարգացման մանր-տնտեսական ցուցանիշներով եւ գրեթէ բոլոր ոլորտներուն մէջ արձանագրուած յառաջընթացով:
Նախագահը նաեւ դիտել տուած է, որ կան նաեւ չլուծուած կամ մասամբ լուծում ստացած խնդիրներ ու թերութիւններ: Ըստ երկրի ղեկավարին, նոր կառավարութիւնը առարկայականօրէն գնահատելով ձեռքբերումները պէտք է կատարէ համապատասխան արժեւորումներ եւ ներկայացնէ այնպիսի ծրագիր, որ կարելիութիւն պիտի տայ նոր մակարդակի վրայ լուծելու ժողովուրդին դիմաց ծառացող խնդիրները: Նախագահը ընդգծած է, որ յառաջիկայ հինգ տարիներուն անհրաժեշտ է ապահովել 9-11 տոկոսի տարեկան տնտեսական աճ, որուն համար կան բոլոր տուեալներն ու նախադրեալները:
Բակօ Սահակեանի համաձայն, Լեռնային Ղարաբաղի տնտեսութեան զարգացման հիմնական առանցքը հանդիսացող գիւղատնտեսութեան, հանքաարդիւնաբերութեան եւ ուժանիւթի բնագաւառներուն մէջ կը նախատեսուի իրականացնել հսկայական ծրագիրներ՝ կարելիութիւն ստեղծելով տնտեսական աճի կայուն ընթացքին:
Տնտեսութեան գերակայ ճիւղերու յառաջընթացի ապահովման գործընթացին մէջ նախագահը յատկապէս լուսարձակի տակ առած է գիտութեան եւ կրթութեան բնագաւառներու մէջ զարգացման անհրաժեշտութիւնը՝ հիմնական առաջադրանք նկատելով որակեալ երիտասարդ մասնագէտներու պատրաստութիւնը, որովհետեւ անոնք պիտի ըլլան երկրին մարդուժի հիմքը:
Յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձուի նաեւ հասարակական ապահովութեան, առողջապահութեան, զբօսաշրջութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան բնագաւառներուն: Նախագահին համաձայն, այս ծիրին մէջ պիտի իրականացուին լայնածաւալ աշխատանքներ, որոնք նոր որակ պիտի հաղորդեն հանրապետութեան համար այս կարեւոր բնագաւառներուն:
Նախագահ Սահակեան արձանագրուած բոլոր ձեռքբերումներուն հիմքը նկատած է հզօր ու մարտունակ բանակը՝ աւելցնելով, որ պետութիւնը յետ այսու եւս ամէն ինչ պիտի ընէ զինուած ուժերուն առջեւ ծառացած հարցերը ըստ արժանւոյն լուծելու համար:
Բակօ Սահակեան նշած է, որ նորանշանակ կառավարութեան անդամներէն կ՛ակնկալէ ազնիւ ու քրտնաջան աշխատանք, սրտացաւ վերաբերմունք պետութեան ու ժողովուրդին նկատմամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.