ՊԸՐՊԵՆՔ.- Վաղը՝ Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 26ի երեկոյեան ժամը 8ին, դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեան եւ դոկտ. Կարօ Մոմճեան հրաւիրուած են Պըրպենքի Հայ կեդրոն, դասախօսելու համար վերջերս հրատապ բնոյթ ստացած թեմայի մը մասին:
Դասախօսութեան նիւթն է՝ «Հայաստան ի՞նչ քայլեր կրնայ առնել ՍաՖարովի հարցէն ետք»: Արդարեւ, ՍաՖարովի ծանօթ դէպքէն ետք, Հայաստանն ու հայութիւնը կը գտնուին նոր բնոյթի մարտահրաւէրի մը դէմ յանդիման: Այս հրապարակային դասախօսական զրոյցին նպատակն է քննարկել նշեալ խնդիրը եւ ստեղծել քաղաքական տեսակէտներու փոխանակումի միջավայր:
Ձեռնարկը կազմակերպուած է ՀՅԴ Պըրպենքի «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէութեան դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ: Պըրպենքի Հայ կեդրոնի հասցէն է՝ 75 East Santa Anita, Burbank, 91502:
Դասախօսութեան պիտի յաջորդէ հարցումներու եւ ապա՝ քննարկումի բաժին: Սիրով հրաւիրուած է շրջանի հայութիւնը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.