
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Սերժ Սարգսեան 22 Սեպտեմբերին ընդունած է հեռահաղորդակցութեան ոլորտին մէջ նշանաւոր ֆրանսահայ գործարար Սերժ Չուրուկը եւ անոր հետ Հայաստան ժամանած ֆրանսացի մեծ գործարարներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին հեռահաղորդակցութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, շինարարական աշխատանքներու եւ արտադրութեան, արդիւնաբերութեան, առեւտրական մեծ կեդրոններու կառուցման ու օգտագործման եւ շարք մը այլ ոլորտներ ներկայացնող հեղինակաւոր գործարարներ, որոնք Ֆրանսայի տնտեսական եւ քաղաքական կեանքին մէջ կարեւոր տեղ ունին: Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է պատուիրակութեան Հայաստան տուած այցելութիւնը՝ ընդգծելով, որ Հայաստան ջերմ, բարեկամական եւ առանձնայատուկ յարաբերութիւններ ունի Ֆրանսայի հետ: Հայ-ֆրանսական դարաւոր բարեկամութիւնը, Սերժ Սարգսեանի համաձայն, պայմանաւորուած է թէ՛ պատմական սերտ կապերով, եւ թէ երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու մտերմութեան համար իւրօրինակ կամուրջ հանդիսացող ֆրանսահայ համայնքով: Ըստ նախագահին, Հայաստանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ հայերը կը սիրեն Ֆրանսան, անոր հարուստ մշակոյթն ու արժեհամակարգը: Նախագահը նշած է, որ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր՝ նախորդ 20 տարիներուն ընթացքին երկկողմանի յարաբերութիւնները մեծ յառաջընթաց արձանագրած են, եւ Հայաստան մեծապէս հետամուտ է աւելի ամրապնդելու եւ ընդլայնելու Ֆրանսայի հետ համագործակցութիւնը՝ հաւանական բոլոր բնագաւառներուն մէջ։ Սերժ Չուրուկ շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին՝ ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ ընդգծած, որ ինքն ու ճանաչողական այցելութեամբ Հայաստան ժամանած եւ արդէն հայ ժողովուրդի պատմութեան ու մշակոյթին քաջատեղեակ իր ընկերները այդ նպատակով այցելած են Հայաստան: Ֆրանսահայ հեղինակաւոր գործարարին համաձայն, իրենք կը փափաքին այցելութեան ծիրին մէջ տեղւոյն վրայ ծանօթանալ Հայաստանի տնտեսութեան, ներդրումային միջավայրին եւ առկայ ծրագիրներուն, հանդիպումներու ընթացքին քննարկել Հայաստանի տնտեսութեան մէջ ֆրանսական նոր ձեռնարկութիւններու ու ներդրումներու ներգրաւման կարելիութիւնները՝ այդպիսով նպաստելով երկկողմանի առեւտրատնտեսական կապերու առաւել ընդլայնման ու խորացման: Նախագահը ֆրանսացի գործարարներուն ներկայացուցած է Հայաստանի տնտեսութեան առաջնահերթութիւնները, ընթացիկ եւ հեռանկարային ծրագիրները, իրականացուող բարեփոխումները, Հայաստան-Եւրոմիութիւն յաջողութեամբ զարգացող համագործակցութիւնը: