
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կլենտէյլի հանրային կեդրոնական գրադարանի սրահին մէջ, Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 8ին, Ռաճըր Գուբելեան պիտի ներկայացնէ Վարդանանց պատերազմին նուիրուած իր «East of Byzantium» շարժապատկերի ծրա-գիրին զուգահեռ լոյս տեսած գծանկարային վիպաշարի առաջին հատորը՝ «War Gods»ը:
Ներկայացումը կը հովանաւորեն Կլենտէյլի գրադարանի Արուեստ եւ մշակոյթ բաժանմունքը, ՀԲԸՄը եւ Կլենտէյլի գրադարանի բարեկամները:
Գրադարանի հասցէն է՝ 222 East Harvard Street, Glendale, CA 91205:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Էլիզապէթ Գրիգորեանին՝ (818) 548-3288 թիւով կամ egrigorian@ci.glendale.ca.us հասցէով: