ԵՐԵՒԱՆ.- Կառավարութեան 20 Սեպտեմբերի նիստին բարձրացուած է պետական գնումներու բնագաւառին մէջ բացայայտուած թերութիւններու ու չարաշահումներու խնդիրը, որուն վերջերս անդրադարձած էր Հայաստանի նախագահը: Պարզաբանումներ ներկայացնող ելեւմուտքի նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան ըսած է, որ առկայ բազմաթիւ խնդիրներն ու բացթողումներ մեծաւ մասամբ պայմանաւորուած են ոչ թէ կանոնակարգերով, այլ խորքին մէջ վարչարարութեան հետ ձեւաւորուած եզրերով: Այստեղ ներդրուած է այնպիսի համակարգ, որ ունի իր բացասական հետեւանքները:
Վաչէ Գաբրիէլեան Հայաստանի վարչապետին առաջարկած է փոխել գնումներու աջակցութեան կեդրոնի ղեկավարութիւնը՝ ղեկավարը, անոր տեղակալները, ստորաբաժանումներու ղեկավարները, որոնք այդ մէկուն հետ կապ ունին։
Տիգրան Սարգսեան յանձնարարած է Վաչէ Գաբրիէլեանին՝ անյապաղ ներկայացնել միջնորդութիւն եւ պատրաստել թուարկուած պաշտօնատար անձանց աշխատանքէ արձակման հրամանները:
Ելեւմուտքի նախարարը ներկայացուցած է նաեւ գնումներու բնագաւառին մէջ նախատեսուող ծրագիրները, որոնցմով կ՛ակնկալուի վերափոխել ելեւմուտքի նախարարութեան կողմէ պետութեան համար պարտաւորութիւններ առաջարկող գնումներու հաշուառման գործընթացը: Բացի ատկէ, կը նախատեսուի նաեւ հանրային կազմակերպութիւններու կողմէ կատարուող գնումներու վերահսկողութիւն կատարել Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովին հետ, քանի որ այդ մէկը անոնց իրաւասութիւններու ոլորտն է:
Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան ընդգծած է, որ նախարարները այսուհետեւ անձնական պատասխանատուութիւն պիտի կրեն՝ ճիշդ գնումներու կազմակերպման համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.