
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 20ին, Թաղային խորհուրդը, գլխաւորութեամբ ատենապետ Իսքենտեր Շահինկէօզի, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին տեղեկութիւններ փոխանցեց գրեթէ 20 հազար քառակուսի մեթր տարածութեամբ արժէքաւոր տարածքներու սեփականաթուղթերուն վերատիրանալու մասին:
Շահինկէօզ յիշեցուց, որ անցեալ տարի վաւերացուած վագըֆներու օրինագիծին լոյսին տակ, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ 15 դիմումնագիրներ ներկայացուած էին։ Ասոնցմէ հինգին սեփականաթուղթերը ետ առնուած են, իսկ մէկուն դատավարութիւնը կը շարունակուի տակաւին։ Մնացեալ ինը կալուածներուն համար թաղային խորհուրդը կը շարունակէ յառաջ տանիլ անհրաժեշտ աշխատանքը։
Ս. Աստուածածին եկեղեցին քանի մը տարի առաջ դատական վճիռով մը յաջողած էր ետ ստանալ հողամաս մը, որ կը պատկանէր զինուորականութեան, իսկ հիմա նոր օրէնքին շնորհիւ՝ կը վերատիրանար հինգ նոր հողամասերու, որոնց ընդհանուր մակերեսը 19,700 քառակուսի մեթր է։ Ասոնցմէ երեքը կը գտնուին իրարու կից եւ անոնց վրայ ներկայիս կը գործէ «Օրհանիէ» զօրամասը, իսկ միւս երկուքը կը գտնուին եկեղեցիին մօտ։
Շահինկէօզ ըսաւ, թէ իրաւական գործընթացը պիտի շարունակուի ու պիտի ճշդուի ժամանակացոյցը, թէ ե՞րբ պիտի պարպուին այդ հողատարածքները, որպէսզի կարելի ըլլայ զանոնք արժեւորել։ Ան նաեւ հրապարակաւ շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին, փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչին, վագըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթեմին եւ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ Լաքի Վինկասին, որոնք անհրաժեշտ դիւրութիւնները չէին զլացած։
Թաղային խորհուրդի ատենապետը շեշտեց, որ ասիկա համայնքի նոր յաղթանակն է եւ ամբողջ համայնքը միասնաբար պէտք է ապրի այս յաջողութեան բերկրանքը:
Վերջաւորութեան, Շահինկէօզ խօսեցաւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նորոգութեան մասին ու յիշեցուց, որ եկեղեցին մօտաւորապէս երկու տարիէ ի վեր հիմնական նորոգութեան փուլի մէջ էր։ Հիմա աշխատանքները ամբողջացած են ու Սեպտեմբեր 29ին եկեղեցին, նոր դիմագիծով, պաշտամունքի պիտի վերաբացուի ու պիտի վերաօծուի պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի ձեռամբ։