ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը սկսած են լայնածաւալ ռազմափորձեր կատարելու. այս մասին Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 20ին հաղորդած է ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը:
Իր տեղեկութիւնները Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ սպասարկութենէն քաղելով՝ գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ ռազմափորձերուն կը մասնակցին ցամաքային, օդային եւ ծովային ուժերը: Ռազմափորձերուն յստակ վայրը չի նշուիր, սակայն հաղորդուած է, թէ անոնք կ՛իրականանան պաշտպանութեան նախարար Սաֆար Ապիեւի ղեկավարութեամբ:
Չորեքշաբթի օր «publika.az» լրատուական կայքը հաղորդած էր, թէ ատրպէյճանական բանակը ռազմափորձեր կը կատարէ լեռնային վայրեու մէջ գտնուող տարբեր զօրամիաւորումներու միջեւ կապը ամրապնդելու եւ մարտական ու մարտավարական պատրաստուածութիւնը բարելաւելու նպատակով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.