
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գրասենեակին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը կը տեղեկացնէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան յայտնի մասնագէտներէն դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան պիտի մեծարուի «Կեանքի իրագործումներ»ու մրցանակով, Հոկտեմբեր 28ին կայանալիք Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկի ընթացքին:
Դոկտ. Փիրումեան ներկայիս գիտաշխատող մըն է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին (UCLA) մէջ, ուրկէ ան արժանացած է իր դոկտորայի կոչումին, Մերձաւոր Արեւելքի լեզուներու եւ մշակոյթներու բաժանմունքէն:
Վերոյիշեալ մրցանակը կը շնորհուի անոնց, որոնք իրենց կեանքն ու մասնագիտական աշխատանքը նուիրած են Հայ Դատի պայքարին: Անցեալին, սոյն մրցանակին տիրացած են պատմագէտ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանը եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներու համար ճառեր գրող Քեն Խաչիկեանը:
«Հպարտ ենք, որ մեր համայնքի արժանաւոր եւ յարգուած ներկայացուցիչներէն մէկուն պիտի շնորհուի այս տարուան մրցանակը: Ան Հայ Դատի նուիրուածութեան օրինակելի տիպարներէն մէկն է: Ան իր կեանքը նուիրած է՝ կրթական մարզին միջոցաւ արդարութեան հասնելու պայքարին, որուն ջատագով է նաեւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը», կ՛ըսէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան համաատենապետ Նորա Յովսէփեան:
Դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան հեղինակն է շարք մը հատորներու. բազմաթիւ աշխատասիրութիւններով եւ յօդուածներով իր մասնակցութիւնը բերած է հայերէնով եւ անգլերէնով հրատարակուող հանդէսներու եւ հատորներու հրատարակութեան: Ան հեղինակն է Սփիւռքի համար պատրաստուած «Հայ Դատ» դասագիրքերու շարքին եւ երկու այլ հատորներու, ինչպէս նաեւ մասնակցած է միջազգային բազմաթիւ գիտաժողովներու եւ ստորագրած է հրապարակային ու գիտական բազմաթիւ յօդուածներ՝ հայկական գրականութեան, Ցեղասպանութեան գրականութեան, Սփիւռքի, ազգային ինքնութեան եւ Հայ Դատի մասին: Ան Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ընթացքին ելոյթներ ունեցած է աշխարհի տարածքին, ինչպէս նաեւ խորհրդակցութիւն կատարած է Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի թիւ 1273 բանաձեւին համար, որ կ՛առնչուի վարժարաններու մէջ մարդկային իրաւանց հարցերուն եւ ցեղասպանութեանց դասաւանդման հարցերուն:
Փիրումեան գործակցած է նաեւ Հայաստանի կրթական նախարարութեան հետ՝ Հայկական Ցեղասպանութեան դասաւանդման ուղեցոյցի մը գծով:
«Զգացուած եմ, որ Հայ Դատին կողմէ այս պատիւին կ՛արժանանամ, յատկապէս, որովհետեւ մօտէն աշխատած եմ այս կազմակերպութեան հետ, որուն նկատմամբ մեծ յարգանք ունիմ: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Հայ Դատին, որ կ՛արժեւորէ Հայկական Ցեղասպանութեան առնչուող գրականութեան իմ ուսումնասիրութիւններս եւ Հայկական Հարցի դասաւանդումները աւելի ազդու դարձնելու նպատակով տարած աշխատանքս: Կը յուսամ, որ այս մրցանակը ցոյց տայ նոր սերունդի մտաւորականներուն, թէ այս աշխատանքին շարունակութիւնը որքան կարեւոր է Հայ Դատին համար, որովհետեւ ան մեր ազգային պայքարի զինամթերքը կը հանդիսանայ», կը յայտնէ դոկտ. Փիրումեան:
Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ, Կիրակի, Հոկտեմբեր 28ին: Տեղեր ապահովելու համար, այցելել
ancawr.org/banquet կայքէջը կամ դիմել (818) 533-8587 թիւին: