ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի իշխանութիւնները «տխրած են» հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակումը դատապարտած Եւրոխորհրդարանի բանաձեւին պատճառով. այս մասին Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14ին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Էլման Ապտուլլաեւ, ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան:
Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նախարարութեան բանբերը ըսած է. «Ռամիլ Սաֆարովի հարցը արդէն փակուած է Ատրպէյճանի համար: Արտայանձնման եւ ներում շնորհելու հարցով Ատրպէյճան եւ Հունգարիա գործած են օրէնքի ծիրէն ներս»՝ հերթական անգամ փորձելով արդարացնել այն քայլերը, որոնք արժանացած են միջազգային դատապարտումի:
Ան դժգոհութիւն յայտնած է այն բանին համար, որ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները «աճապարանքով որոշում մը արձակած են, առանց ուսումնասիրելու հարցին արմատները»:
Ապտուլլաեւ աւելցուցած է, թէ այս հարցին մէջ Եւրոխորհրդարանի անդամներուն վրայ մեծ եղած է հայկական Սփիւռքին ազդեցութիւնը:
Եւրոխորհրդարանը Սեպտեմբեր 13ին դատապարտած էր Սաֆարովը ազատ արձակելու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի որոշումը: