Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Ազգային վարչութիւնը, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու Ծխական յանձնախումբը ուրախ են յայտարարելու, որ «Լինսի» հիմնարկութեան կողմէ UCLA-ի մէջ հաստատուած «Dream Fund»ը առատաձեռն նուիրատուութիւն մը կատարած է Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ու Հայկական մշակութային կեդրոնին։
Այս նուիրատուութիւնը պիտի յատկացուի եկեղեցւոյ զանազան ծրագիրներու իրականացման, նկատի ունենալով Լաս Վեկասի մեր համայնքի աճն ու կարիքները։
Շրջանի հոգեւոր հովիւ Աւետիս Ա. քհնյ. Թորոսեանի եւ ծխական յանձնախումբին նպատակն է եկեղեցին ու մշակոյթի կեդրոնը դիւրաւ հասանելի դարձնել հայ նորահաս սերունդին, առաւե՛լ հոգալու համար մեր լեզուին, պատմութեան ու մշակոյթին ծանօթանալու անոր կարիքները։ Ծրագրուած են նաեւ երէցներու եւ տարեցներու յատուկ աշխատանքներ, ներառեալ՝ երթեւեկի յատուկ միջոցներու ապահովումը դէպի Ս. Կարապետ եկեղեցի, որպէսզի անոնք շրջապատէն ներս զգան ընտանեկան մթնոլորտի մէջ։
Կեդրոնը պիտի օժտուի հայերէն լեզուի ու պատմութեան ուսուցման-ծանօթացման արդիական միջոցներով, ինչպէս նաեւ հայկական գրադարանով մը, օժտուած հայկական թերթերով ու մամուլով՝ ազգային ու միջազգային։
Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական յանձնախումբի ատենապետ Ատրուշան Արմէնեան յայտնեց, թէ UCLA-ի յարկին տակ հաստատուած «Dream Fund»ի յիշեալ յատկացումին կողքին, ծխական շրջանը բացառիկ պատեհութիւնը ունի յաւելեալ հանգանակութիւն կատարելով՝ ամբողջացնել եկեղեցւոյ ու համալիրին այլ բաժիններուն շինարարութեան ու ապագայի յարակից կարիքները։ Արդարեւ, «Dream Fund»ը նոր առիթ մը կու տայ շրջանիս մէջ յառաջիկայ հանգանակութենէն գոյանալիք գումարին հաւասար յաւելեալ յատկացում մը կատարելու։ Այս յանձնառութիւնը ազնիւ մարտահրաւէրի մը դիմաց կը դնէ մեր շրջանը, որովհետեւ պայմանաժամը երկար չէ եւ կ՛աւարտի 2013ի սկիզբը։ Ատրուշան Արմէնեան կոչ ուղղեց զօրակցելու Լաս Վեկասի մեր գաղութին, որպէսզի նոր նուիրատուութիւններով, ծրագիրին յաջող աւարտը ապահովող հիմնադրամը գոյանայ շուտով։ «Ասիկա Լաս Վեկասի հայութեան համար պատմական ու անկորնչելի առիթ է, որպէսզի կարելի ըլլայ մեր ու ապագայ սերունդներուն երազները իրականացնել», շեշտեց Արմէնեան։
Առաջնորդ սրբազանը, Ազգային վարչութիւնը, եկեղեցւոյ հովիւն ու ծխական յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնեն «Dream Fund»ին, այս առատաձեռն նուիրատուութեան համար, որ մեծապէս պիտի նպաստէ եկեղեցւոյ ծրագիրներու իրականացման։