ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու վերականգնումը Հունգարիոյ դիւանագիտութեան առաջնահերթութիւնն է. Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 14ին այսպէս յայտարարած է Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Եանոս Մարթինին, ըստ հունգարական «Փոլիթիքս» թերթին:
Լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, նախարարը ըսած է. «Ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած Ռամիլ Սաֆարովը Ատրպէյճանին արտայանձնելու որոշումէն ետք, Հայաստան խզեց Հունգարիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները: Այժմ հունգարական դիւանագիտութեան առաջնահերթ նպատակն է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները վերահաստատել»:
Պատասխանելով իր հրաժարականի հաւանականութեան մասին լրագրողներու տուած հարցումներուն՝ նախարարը նշած է, որ իր հրաժարականը չէ քննարկուած, աւելցնելով, որ ինք հաւատարիմ կը մնայ վարչապետի հրահանգներուն:
Սեպտեմբեր 11ին, Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան նշած էր, թէ ինք նախապէս հաստատած էր մարդասպանը Ատրպէյճանին յանձնելու վերաբերեալ կառավարութեան որոշումը: