ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Մոսկուայի մէջ լոյս տեսած է «Ռուսական-Հայկական համագործակցութեան» շարքի երկրորդ հրատարակութիւնը՝ նշանաւոր գրող եւ բեմագիր Կիմ Բակշիի «Արցախի հոգեւոր արժէքները» գիրքը, որ նուիրուած է Լեռնային Ղարաբաղի մշակութային եւ պատմական արժէքներուն:
Գիրքը ընթերցողին դիմաց կը բանայ հայկական տաճարները, ամրոցները, իշխանններուն եւ մելիքներուն պալատները, գիւղերը եւ խաչքարերը, որոնք մեծ թիւ կը կազմեն. գիրքին մէջ ընդգրկուած են կառոյցներ այն ժամանակներէն, երբ հայ ժողովուրդը Արցախի մէջ Քրիստոսի ծնունդէն առաջ եւ ետք ապրած եւ արարած է երկար դարերու ընթացքին: Գիրքը լոյս տեսած է «Գիրքերու աշխարհ» հրատարակչութեան կողմէ՝ «Ռուսական-Հայկական համագործակցութիւն» եւ Նոր պետութիւններու միջազգային հիմնարկի հովանաւորութեամբ:
«Ռուսական-Հայկական համագործակցութեան գրադարան»ի ստեղծման նպատակն է ռուս ընթերցողին ծանօթացնել Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ առկայ ռազմական-քաղաքական, մշակութային, ընկերային-տնտեսական համագործակցութիւնը:
«Գրադարան»ի անդրանիկ հրատարակութիւնը քաղաքագէտ Ստանիսլավ Տարասովի «Ղարաբաղեան քոնֆլիքթի (հակամարտութեան-Խմբ.) առասպելը» հաւաքածոն է, որ լոյս տեսած է այս տարուան Փետրուարին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.