ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 10 Սեպտեմբերին ընթացք առաւ Ազգային ժողովի երկրորդ նստաշրջանը: Օրակարգի վրայ են 35 հարցեր եւ 16 միջազգային համաձայնագիրներ: Նիստին ներկայ էին 104 պատգամաւորներ:
Աշխատանքներուն սկսելէ առաջ, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան շնորհաւորեց Հայաստանի ճատրակի հաւաքականը՝ Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցած ողիմպիականին ախոյեան դառնալուն համար: Ան նաեւ շնորհաւորեց Ազգային ժողովին մէջ Հայաստանի նախագահի նորանշանակ լիազօր ներկայացուցիչ Վիկտոր Դալլաքեանը:
10-13 Սեպտեմբերի նիստերու օրակարգին վրայ են տասնութ օրէնսդրական նախաձեռնութիւններ, որոնց վերաբերեալ տրուած են դրական եզրակացութիւններ. ներառուած են նաեւ Սահմանադրութեամբ նախատեսուած պարտադիր քննարկուող հարցեր, որոնք օրակարգի վրայ դրուած են առանց քուէարկութեան: