ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 11 Սեպտեմբերին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) նախագaահ Վիլֆրիտ Մարտենսի հետ՝ վերջինիս նախաձեռնութեամբ: Անոնք անդրադարձած են Սաֆարովի հարցին եւ քննարկած են Հունգարիոյ ու Ատրպէյճանի առած քայլերուն իբրեւ հետեւանք՝ ստեղծուած իրավիճակը, խօսած են տարածաշրջանային զարգացումներուն եւ մարտահրաւէրներուն մասին:
Զրուցակիցները քննարկած են նաեւ Պուխարեստի մէջ կայանալիք ԵԺԿ քաղաքական համաժողովի նիստին ու տարեվերջին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք ԵԺԿ տարածաշրջանային գագաթնաժողովին առնչուած հարցեր: