ՍՈՖԻԱ.- Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի ազգային հաւաքականը Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11ի երեկոյեան 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պուլկարիոյ կազմէն, կոր-սնցնելով Եւրոպայի Բ. խմբակին մէջ առաջատարի իր դիրքը:
Հայաստանի յաջորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 12ին, երբ Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալուի Իտալիոյ հաւաքականը: