
Անցնող 2011-2012 տարեշրջանին, վարժարանի կառոյցէն ներս աշակերտական կենսունակութիւնը վերջ գտաւ Յունիս ամսուան առաջին շաբաթը: Սակայն յաջորդ տարեշրջանին համար, որոշ նախապատրաստական աշխատանքներ վարժարանէն ներս շարունակուեցան ամբողջ ամրան տեւողութեան: Այդ աշխատանքները ամառնային մարզական փորձերն էին կա՛մ յառաջացած դասընթացքներու նախապատրաստութիւն, որուն համար յատուկ աշակերտական խմբակները ամէնօրեայ ներկայութիւն էին վարժարանէն ներս:
Բացի այս աշխատանքներէն վարժարանը բարեփոխութիւններու ծրագիրներ մշակած էր նախորդ տարեշրջանի աւարտին ու այդ բոլորին գործադրութիւնը տեղի ունեցաւ ամրան ընթացքին:

Երկարամեայ հինցած ու մաշած գզրոցներու փոփոխութենէն սկսած մինչեւ դասարանային կատարեալ յարդարումներն ու ճարտարասուեստի նորագոյն ու լաւագոյն տուեալներով յագեցած դասարաններու պատրաստութիւնը, այս բոլորը առիթ ընծայեցին ուսուցիչներուն, աշակերտութեան եւ ծնողներուն, որպէսզի վերամուտի առաջին իսկ օրէն հսկայական փոփոխութիւններու ականատես դառնան, ըլլան անոնք վարժարանի ֆիզիքական կառոյցին եւ դասաւանդման մեթոտներուն, անշուշտ՝ կրթական ծրագիրներու իմաստով:
Բոլոր դասարանները ունեցան իրենց համակարգիչները եւ համացանցի անմիջական կապերը: Դասարաններուն մեծամասնութիւնը օժտուած է projector-ներով եւ շուտով բոլորն ալ կ՛ունենան այդ հնարաւորութիւնը: 11 իմաստուն գրատախտակ (smart board) ունեցաւ «Փիլիպոս»ը: Հայերէնի ուսուցման համար ունեցանք յատուկ աշխատանքային եւ ուսումնասիրական չորս աշխատանոցներ, ուր կատարեալ արդիական սարքաւորումներով յագեցած հայերէնի դասաւանդման համար պատրաստ դասարաններ են միջնակարգի ու երկրորդականի աշակերտներուն յատուկ:
Այս աշխատանքներէն բացի, նաեւ ուսուցիչներու վերապատրաստման աշխատանքներ կատարուեցան ամրան ընթացքին: Հայերէնի դասատուներէն մէկը, Հայաստանի մէջ Սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած Ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքին հետեւեցաւ, երեք շաբթուայ տեւողութեամբ Յունիս 25էն մինչեւ Յուլիս 13, 2012: Հայոց լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան ուսուցիչները վերապատրաստուեցան լեզուական, մեթոտաբանական, պատմաբանական, բանասիրական եւ հայերէնի դասաւանդման արդիականացման մարզերուն մէջ: Բաւական մասնագիտական աշխատանք ու ծրագիր մըն էր կատարուածը, որուն արդիւնքը դրական կերպով պիտի ցոլայ հայ ուսուցիչին եւ անշուշտ՝ հայ աշակերտին վրայ:
Հայոց լեզուի ու գրականութեան բաժանմունքի բոլոր ուսուցիչները դպրոցէն ներս ամառնային խտացուած երկու շաբթուան յատուկ դասընթացքով մարզուեցան smart board-ի ամէնօրեայ գործածութեան դասարանային կիրառումը ձեռք բերելու համար: Հսկայական աշխատանքային նոր հանգրուանի մը սեմին կը կանգնի ամբողջ դպրոցը եւ մանաւանդ հայոց լեզուի ու գրականութեան բաժանմունքները:
Վարժարանի տնօրէն, դոկտ. Դուրեան արդէն նախատեսելով ներկայ դարու յառաջացած ընթացքը, կ՛աշխատի հայերէնի դասաւանդման եղանակներու արդիականացման իմաստով շատ համարձակ եւ արագ քայլեր որդեգրել հաւատալով, որ հայերէնի դասաւանդումը ազգային վարժարանէն ներս ամէնէն առաջնահերթ դիրքը կը գրաւէ հայ աշակերտին համար: Ան կը փափաքի հայերէնի դասաւանդման եղանակը արդիական իրականութեան մէջ տեսնել: Այս իմաստով ամէն ջանք ու ճիգ կը թափէ զարկ տալու համար հայերէնի դասաւանդման մեթոտներու արդիականացման ու հայ ուսուցիչի վերապատրաստման համար, որպէսզի անոնք համապատասխանեն նոր սերունդի զարգացած մտահորիզոնի բոլոր ծալքերուն:
Ինչպէս նաեւ ուսուցիչներէն ոմանք դպրոցէն դուրս յատուկ դասընթացքներու հետեւացան կրկին համակարգչային ու ճարտարարուեստի որոշ ունակութիւններ ձեռք բերելու համար: Այսօր մեր առջեւ կանգնած են արդիականացման բոլոր տուեալները ու եթէ մենք կարելիութիւնը չունենանք մեր ուղին հարթելու այս ճանապարհին ընթացքին, շուտով կրնանք կորսնցնել մեր առաքելութեան իւրայատկութիւնը: Այս միտքին հանդէպ զօրաւոր հաւատք ունի դոկտ. Դուրեան ու այդ պատճառով միշտ առաջնորդի իրավիճակի մէջ կը փափաքի տեսնել ազգային մեր վարժարանը միացեալ նահանգներու առաջատար ուսումնական հաստատութիւններու ոլորտին մէջ:
Մասնագիտական առումով նաեւ ստեղծուած է աշակերտական հարցերու յատուկ գրասենեակ մը, որ տարբեր մասնագիտական բաժանումներով՝ նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական, կ՛աշխատին աշակերտական բոլոր հարցերը եւ մտահոգութիւնները սերտել եւ լուծել մասնագիտական առումով, աշակերտներու կրթական եւ ընկերային բարօրութեան համար, զիրենք առաջնորդելով մինչեւ համալսարանական կրթօճախներ ամէնէն յարմար ու ճիշդ ճանապարհներով:
Մարզական իմաստով նաեւ որոշ փոփոխութիւններ կրած է դպրոցական մարզական ծրագիրը: Անիկա սկսած է կիրառուելու աւելի մասնագիտական եւ լուրջ ձեւով: Չորրորդ կարգէն սկսեալ մեր աշակերտները բացի շարժուն մնալէն, ու տարրական մարզանքներէն, իրենց մարզանքի պահերուն պիտի ծանօթանան զանազան մարզական խաղերու օրէնքներուն եւ առիթը պիտի ունենան գործնականօրէն փորձառութիւն ձեռք ձգելու նման մարզախաղեր փորձարկելով: Այս փոփոխութիւնը նկատի առնուած է, որպէսզի աշակերտները աւելի լուրջ հասկնան եւ ըմբռնեն մարզանքի անհրաժեշտութիւնը՝ գերազանցութեան պարունակին մէջ: Ինչպէս դոկտ. Դուրեան միշտ կը շեշտէ. «Առաջին հերթին հայեցի կրթութիւն, ապա գիտական ուսումնական վերելք եւ վերջապէս մարզական գերազանցութիւն»: Այս երեք մարզերուն մէջ գերազանցումի միտքը կը բացատրուի, որպէս «Փիլիպոս»ի նպատակակէտը: Առողջ մարմին, լուսաւոր միտք եւ ազնիւ հոգի, որուն համար կը գործէ իւրաքանչիւր կրթական մշակ մեր հաստատութենէն ներս:
Այս տարուան համար նաեւ փոփոխութիւններ կան աշակերտական ճաշացուցակին մէջ: Բծախնդրութեան եւ կատարեալին ձգտելու միտումով, տնօրէնութիւնը որդեգրած է դէպի հարազատ (organic) սնունդի արշաւը: Բաւական մասնագիտական ուսումնասիրութիւններու աւարտին, համաձայնած ենք, որպէս փորձառական շրջան, դպրոցական ճաշերու մատակարարման նոր ընկերութեան մը հետ եւ սկսած ենք ամբողջութեամբ նոր ճաշատեսակներ փորձելու: Այս իմաստով աշակերտութիւն, պաշտօնէութիւն եւ ծնողներ իրենց գաղափարով պիտի դիւրացնեն տնօրէնութեան հարմար որոշումներ կայացնելու իրավիճակը:
Մէկ խօսքով, կարելի է հետեւեալ հաստատումը կատարել Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանին համար. հսկայական դրական եւ շինիչ փոփոխութիւններ ծրագրուած ու գործադրուած են. Մեծ փոփոխութիւններ դէպի յառաջացում նկատելի է նախորդ տարուընէ մինչեւ այսօր եւ այս բոլորը կատարուած են յանուն աշակերտութեան ու վարժարանի վերելքին, որպէսզի «Փիլիպոսը» ապագայի կրթական ամէնէն փայլուն հաստատութիւններու ցանկին վրայ իր պատուոյ տեղը ունենայ անպայմա՛ն:
Աւելի քան քառասուն տարի առաջ ստեղծուած ու հեռանկարային պայծառ տեսլականով կերտուած «Փիլիպոս»ը, այսօր կը վերանորոգուի նոր տեսլականներու պայծառ մտայղացումներու տէր եւ անշահախնդիր տնօրէնութեան ու պաշտօնէութեան ջանքերով: Պատմութենէն դաս քաղելու ունակութեամբ, եթէ նկատի առնենք մօտակայ անցեալը ու պատմական փորձը սերտենք, արդարօրէն կրնանք «մարգարէանալ» Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս ազգային վարժարանի ապագան: