ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան անցեալ շաբաթ իր կուսակցական փակ նիստին խոստովանած է, որ ինք յանձնարարած է Ռամիլ Սաֆարովը արտայանձնել Ատրպէյճանին, հակառակ անոր, որ տեղեակ էր, թէ Սաֆարով ուշ կամ կանուխ ազատ պիտի արձակուի Պաքուի մէջ: Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 11ին այս մասին հաղորդեց հունգարական «Օրիկօ» լրատուական կայքը՝ իր տեղեկութիւնը քաղելով կառավարութեան մօտիկ երկու անկախ աղբիւրներէ: Այս լուրը կը հաղորդուի այն միջոցին, երբ վարչապետը կը շարունակէ իր քայլը արդարացնելու փորձերը:
Նշեալ աղբիւրներիուն համաձայն՝ Օրպանի կուսակիցները եւ խորհրդատուները բազմիցս նախազգուշացուած են նման քայլի մը հաւանական վտանգներուն մասին, սակայն վարչապետը այս որոշումը տուած է՝ «Հունգարիոյ վատառողջ ամավարկը փրկելու համար», ակնարկելով այն լուրերուն, թէ Պաքու միլիառաւոր տոլարի հունգարական պետական պարտամուրհակներ գնած է:
Կուսակցական նշեալ նիստը աստիճանաբար վերածուած է բուռն բանավէճի, որուն ընթացքին Օրպան խոստովանած է, թէ գիտէր, որ այս հարցով դժուարութիւններ կրնան ծագիլ, սակայն ակնկալած էր, որ Սաֆարովին ներում կը շնորհուի գոնէ մէկ ամիս ետք՝ առողջական պատճառներով:
Of course!
I like very much music of B. Bartok, I acknowledge the Mashtots-like genius of Ciril and Mephodiy and I admire brainpower of N. Tesla. But there is an amazing fact, one can’t pass by.
Gavrilo Princip’s (Serbia) shutting provoked WWI.
Georgi Dimitrov (Bulgaria) was accused of putting in fire Reichstag and this accusation provoked WWII.
Does now Viktor Orban of Hungary a provocation to initiate WWIII?
Read most recent articles in main media (Reuters) to see that it might be serious thing to consider.