

ՆԻՒ ԵՈՐՔ, ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Նիւ Եորքի հայութիւնը Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 10ին բողոքի ցոյցի մը մասնակցած է Հունգարիոյ հիւպատոսարանին առջեւ՝ իր վրդովմունքը յայտնելով մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովի արտայանձնման առնչութեամբ: Բողոքի ցոյցը, որուն կը մասնակցէին 200-300 հայեր, աւարտեցաւ մոմավառութեամբ:
Միջոցառումը կազմակերպած էին Նիւ Եորքի եւ Նիւ Ճըրզիի Հայ Դատի յանձնախումբերը, ՀԵԴն եւ Վարդանանց ասպետներ ու դուստրեր կազմակերպութիւնը:
Ցուցարարները բարձրացուցած են «Ամօ՛թ Հունգարիոյ», «Ամօ՛թ Ատրպէյճանին», «Ալիեւը ստախօս է», «Ատրպէյճանը պէտք է պատասխան տայ», «Արդարութիւնը պէտք է վերականգնի» գրութիւններով պաստառներ:
Մայրաքաղաք Ուաշինկթընի հայ համայնքը Հունգարիոյ դեսպանատան առջեւ կազմակերպուած բողոքի այլ ցոյցի մը ընթացքին պահանջած է Սաֆարովը անմիջապէս բանտ վերադարձնել: Ցուցարարները Հունգարիոյ եւ Ատրպէյճանի քայլերը «արդարութեան նկատմամբ ծաղրանք» ու «անխիղճ արարք» որակած են:
Հայ Դատի, ՀԵԴի «Անի» ուխտին եւ շրջանի ՀՅԴ «Սեպուհ» կոմիտէի ջանքերով կազմակերպուած ցոյցի ընթացքին Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան անդրադարձած է միջազգային հանրութեան հակադարձութեան եւ անոր ցուցաբերած զայրոյթին՝ ուղղուած Ատրպէյճանի եւ Հունգարիոյ քայլերուն, սակայն կոչ ըրած է, որ դատապարտումէն ետք հաստատ քայլեր եւս առնուին Հունգարիոյ եւ Ատրպէյճանի իշխանութեանց դէմ: Ուաշինկթընի մէջ նման ցոյց մը տեղի ունեցած էր նաեւ Օգոստոսի 31ին, ոճրագործի արտայանձնումէն անմիջապէս ետք: