
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Կազմակերպութեամբ «Արարատ-Էսքիճեան» թանգարանին «Ուուտպըրի» համալսարանի «Ֆլեչըր Ճոնզ» սրահին մէջ (7500 N. Glenoaks Blvd, Burbank, CA 91504), Կիրակի, Սեպտեմբեր 30ին, կ.ե. ժամը 4ին տեղի պիտի ունենայ Պարետ Մարոնեանի «Ցեղասպանութեան Որբերը» վաւերագրական շարժապատկերին արտադրութեան վերջին հանգրուանի աշխատանքներուն մասին ներկայացում մը:
«Ասպարէզ»ի ընթերցողները արդէն իսկ ծանօթ են Ֆլորիտա բնակող վաւերագրական ժապաւէններու մրցանակակիր բեմադրիչ Պարետ Մարոնեանի աշխատանքին: Ան «Ցեղասպանութեան Որբեր»ու կարճ տարբերակը ներկայացւոցած էր շրջանի հայութեան, իսկ ներկայիս աւարտելու վրայ է անոր երկար տարբերակը:

«Ցեղասպանութեան Որբեր»ու կարճ տարբերակը անցեալ տարի արժանացած էր ««Թելի» (Telly) միջազգային ֆիլմի մրցանակաբաշխութեան բարձրագոյն պարգեւին եւ թեկնածու էր պատկերասփիւռի «էմի» (Emmy) մրցանակներու շրջանային տարբերակին:
Վաւերագրական ֆիլմերու բեմադրիչ եւ «Արմէնոյտ Խումբ»ի (Armenoid Team) հիմնադիր Մարոնեան չորս առիթներով արդէն իսկ խլած է շրջանային «էմի» մրցանակը:
Երկարաշունչ եւ անխոնջ աշխատանքէ ետք, «Ցեղասպանութեան Որբերը» ժապաւէնի երկար տարբերակին նկարահանման գործը տեղի ունեցած է՝ սկսեալ Լիբանանի Այնթուրա քաղաքէն, անցնելով Արեւմտեան եւ Արեւելեան Ամերիկաներէն ու հասնելով վերջին հանգրուան՝ Հայաստան: Նկարահանումներուն զուգահեռ, Մարոնեան ֆիլմին ծրագիրը ներկայացուցած է հայաշատ շրջաններու մէջ, ստանալով նիւթական, քաջալերական եւ այլ տեսակի աջակցութիւն, սոյն գործին հաւատացող հայրենակիցներէն:
Ֆիլմին խթանը հանդիսացած է հռչակաւոր եւ հայասէր լրագրող Ռապըրթ Ֆիսքի մէկ յօդուածը, Լիբանանի Այնթուրա քաղաքին մէջ հայ որբերը թրքացնելու նպատակով օգտագործուած որբանոցին մասին, ինչպէս նաեւ իրենց ուղղուած այն հարցումը, թէ Համաշխարհային Ա. պատերազմէն ետք հարիւր հազարաւոր հայ որբերու փաղանգը բաւարա՞ր չէ աշխարհին փաստելու համար, թէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը պատմական իրողութիւն մըն է:
Կիրակի, Սեպտեմբեր 30ի ներկայացման մուտքը ազատ է, սակայն նուիրատուութիւններով կարելի է նեցուկ կանգնիլ այս ծրագիրին ամբողջացման, որմէ ետք կարելի պիտի ըլլայ շարժապատկերը ներկայացնել ամերիկեան հանրային պատկերասփիւռի կայաններէն ու այլ պաստառներէ: Նուիրատուութիւնները կարելի է կրճատել տուրքի ենթարկուող եկամուտներէն:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեեկութեանց համար դիմել (818) 838-4862 թիւին կամ՝
maggiegoschin@gmail.com հասցէին: