ՊՈԼԻՍ.- Կղզիներու Մշակոյթի միութեան կողմէ, կղզիներու, մասնաւորաբար Մեծ Կղզիին մէջ ամէն տարի ամառնային շրջանին կը կազմակերպուին մշակոյթի եւ արուեստի ձեռնարկներ, որոնք աւանդական ձեւ ստացած են։
Այս ձեռնարկներէն վերջինն էր «Կղզեցի Նկարիչներ» ցուցահանդէսը, որուն այս տարի մասնակցեցան 43 կղզեցի նկարիչներ, որոնցմէ 10ը հայեր էին՝ Իտա Գահրաման, Ժանին Փափազեան, Պերճուհի Պէրպէրեան, Նատիա Էօզպըյըքլեան, Արուս Էօզֆուրունճու, Վերժին Շապճը, Թաթիանա Չէլիքթօփ, Նատիա Կարագեան, Հայկան Քըլըճճան եւ Ռուբէն Էրօլ Քիւրքճիւօղլու։
«Նկատելով որ ցուցասրահը սահմանափակ տարածութիւն ունի, խճողումը կանխելու համար նկարիչները երկու խումբի բաժնուած էին։ Մէկ խումբը հրաւիրուած էր ներկայ գտնուելու 25 Օգոստոսին, իսկ միւս խումբը՝ 1 Սեպտեմբերին։ Մենք այս ցուցահանդէսը այցելեցինք 1 Սեպտեմբերին, ուր գտանք երկրորդ խումբին մասնակից նկարիչները, որոնք իրենց մէկմէկ գործով մասնակցութիւն բերած էին այս ցուցահանդէսին։
Բոլոր նկարիչներն ալ իրենց նկարներուն մէջ կը ցոլացնէին իրենց իւրայատուկ ոճը, իւղաներկով կամ ջրաներկով», կը գրէ Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը։