
ԹԱՒՐԻԶ.- Ուրբաթ, 31 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 9էն սկսեալ, Թաւրիզի «Արարատ» կազմակերպութեան կեդրոնատեղին, Ազգային առաջնորդարանին դրացնութեամբ, հաւաքավայրը դարձած էր միութենականներու, ծնողներու եւ համակիրներու, որոնք եկած էին նշելու «Արարատ»ի սկաուտական բաժինի վերսկսման 11րդ տարեդարձը, հովանաւորութեամբ Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի:
Բացօթեայ հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան Պատգամաւորական ժողովի եւ Թեմական խորհուրդի անդամներ, շնորհաւորելով «Արարատ»ի սկաուտականի անցնող 11 տարիներու բարեյաջող գործունէութիւնը Թաւրիզի հայ համայնքէն ներս:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կարէն Սարգիսեան, բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, որոնք եկած էին ուրախալի այս առիթը միասնաբար նշելու: Ապա, խմբապետուհի Նայիրի Բարսեղեան անդրադարձաւ 11 տարիներ առաջ վերստին հիմնադրուած սկաուտական բաժինի ժամանակակից պատմութեան, վեր առնելով այն կամաւորներու փաղանգին նուիրեալ գործունէութիւնը, որուն հետեւանքով, այսօր 11 տարիներէ ի վեր Թաւրիզի մէջ կը գործէ «Արարատ»ի այս միաւորը:
11ամեակի կարկանդակի հատումէն ետք, իր պատգամը փոխանցելու հրաւիրուեցաւ թեմակալ առաջնորդը: Ան, առաջին հերթին ջերմապէս շնորհաւորելով «Արարատ»ը, նման ձեռնարկի իրագործման համար, մաղթեց որ նման ազգային հաւաքներ միշտ տեղի ունենան, առաւել եւս աշխուժացնելու համար թեմին կեանքը: Ապա, Գրիգոր Ծ. վարդապետ յատուկ կերպով շեշտեց սկաուտական շարժումի գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը մատղաշ սերունդի կեանքէն ներս. «Մեր մանուկներն ու պատանիները այստեղ կը սորվին կարգ ու կանոնը, որ հայ դպրոցի ու հայ տան կրթա-դաստիարակչական գործը ամբողջացնող բնոյթ ունի: Տան մէջ երեխային զգացած փափուկ գուրգուրանքը իր ծնողներուն կողմէ, դպրոցին մէջ ուսուցիչներու կողմէ անոր տրուած ուսումնական դաստիարակութիւնը, այստեղ՝ մարմնամարզանքով կ՛ամբողջանան, ու ան հոգեպէս ու ֆիզիքապէս կոփուելով կեանքին կը նախապատրաստուի, նախ լաւ մարդ դառնալով, ապա լաւ հայ, ու ի վերջոյ լաւ քաղաքացի», ըսաւ առաջնորդը:
Գրիգոր Ծ. վարդապետ շնորհաւորեց Սկաուտական խորհուրդի վարչութիւնը, եւ համայն «Արարատ» մեծ ընտանիքը, այս առիթով, ու մաղթեց որ արի արենոյշներուն ու գայլիկներուն թիւը շատնայ, անոնց շարքերը խտանան, որպէսզի ընդ երկար իր աշխատանքը կատարէ սկա-ուտական շարժումը Թաւրիզի մէջ:
Good luck to our youngsters!