ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական զինուորական ատեան մը բանտարկութեան վճիռ արձակած է օդուժի գնդապետի մը դէմ, որ յանդգնութիւնը ունեցած էր վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը Հիթլերին նմանեցնելու՝ ուսանողներու առջեւ ելոյթի մը ընթացքին: Ըստ թրքական «Անատոլու» լրատուական գործակալութեան, դատարանը վճռած է գնդապետը բանտարկել մէկ տարի եւ տասնհինգ օրով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.