ԹԵԼ ԱՒԻՒ, «Էյ.Փի.».- Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնո»չ թերթը կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթըն «վերջերս Իրանի փոխանցած է գաղտնի նամակ մը, որուն մէջ նշուած է, թէ Ուաշինկթըն իրանեան հիւլէական կեդրոններու դէմ իսրայէլեան յարձակումին պիտի չաջակցի»:
Ըստ եւրոպական աղբիւրներու, ամերիկեան վարչակարգը վերոնշեալ երաշխիքին փոխարէն, Թեհրանէն պահանջած է Ծոցին մէջ ամերիկեան զօրակայաններուն դէմ յարձակում չգործել:
Իսրայէլեան քաղաքական աղբիւրներ, մեկնաբանելով այս լուրը, զայն Իսրայէլ-Ամերիկա յարաբերութեանց վատթարացման նոր փաստ մը նկատած են:
«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ուաշինկթըն կը պատրաստուի Իրանի հարցով դիմելու շարք մը «լուրջ քայլեր»ու, որոնք թոյլ պիտի տան ժամանակաւորապէս յետաձգելու Իսրայէլի յարձակումը եւ Թեհրանին ստիպելու իր հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւններուն յաւելեալ լրջութեամբ մօտենալու: Ըստ օրաթերթին, «լուրջ քայլեր»ը կ՛առնչուին Ծոցին մէջ ռազմափորձերու, հակահրթիռային պաշտպանութեան նոր համակարգերու տեղակայման, ինչպէս նաեւ իրանեան քարիւղին նկատմամբ կիրարկուող պատժամիջոցներու խստացման: