ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով 5 Սեպտեմբերին կայացած Ազգային ժողովի արտակարգ նիստին ընթացքին հրապարակած է Ռուբեն Հայրապետեանի դիմումը՝ խորհրդարանական իր աթոռէն հրաժարելու առնչութեամբ։
Նշենք, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի Հանրապետական պատգամաւոր, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան 4 Յուլիսին Ազգային ժողովին ներկայացուցած էր իր հրաժարականը՝ Վահէ Աւետեանի մահուան լոյսին տակ եղած զարգացումներուն պատճառով։
Ըստ ընթացակարգի, եթէ Ազգային ժողովի նիստով հրաժարականի դիմումի հրապարակումին յաջորդող 15 օրերուն ընթացքին Հայրապետեան յետս չկոչէ իր հրաժարականը, ան կը դադարի պատգամաւոր ըլլալէ։