ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստան կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու մարմնաբոյժ-վիրաբոյժներ Սան Տիեկոյի, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Մարմնաբոյժութեան-Ուռուցքաբանութեան Մուրիի կեդրոնի Մարմնաբոյժական ծառայութեան բաժինի ղեկավար, փրոֆեսէօր Աննա Քուլիճեանը եւ Ոտնաթաթի եւ սրունքային յօդի, ծունկի ու կոնքազդրային յօդերու մարմնաբոյժ-վիրաբոյժ Միացեալ Նահանգներու Մարմնաբոյժութեան-Վիրաբոյժութեան ակադեմի անդամ Սթիվըն Քոփսը:
Բժիշկները իրենց հետ Հայաստան տարած են շուրջ մէկ թոն կշռող սարքաւորումներ: Երեք ամիս առաջ անոնք սկսան ուսումնասիրելու վիրահատութեան կարիք ունեցողներու պարագաները, եւ ընտրուեցան երեսուն հիւանդներ, որոնք մէկ շաբաթուան ընթացքին պիտի ենթարկուին անվճար վիրահատութիւններու: Մինչ այդ բժիշկները դրամ կը հաւաքեն երկու մանուկներու մայր՝ 32ամեայ կնոջ մը համար, որ ծնկային յօդի շտապ վիրահատութեան կարիքն ունի: Այս նպատակով բժիշկները արեւմտեան իրականութեան մէջ ընդունուած քայլերու դիմեցին ու բարձրացան Արագած: Նախորդ երկու տարիներուն այս խումբը՝ Trek2Share անունով Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող հիմնականին մէջ բժիշկներէ բաղկացած հասարակական կազմակերպութիւնը, բարեսիրական նախաձեռնութիւններ եւ վիրահատութիւններ կատարած էր Քենիոյ մէջ եւ գումար հաւաքելու նպատակով բարձրացած էր Քիլիմանճարօ: Բժիշկները յոյս ունին, որ հետագային եւս կրնան օժտակար ըլլալ Հայաստանին։