
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնիա Նաու».- Տասը տարիէ ի վեր պատկերասփիւռային հաղորդումէ զրկուած «Ա1+» պատկերասփիւռի ընկերութեան լրատուական ծրագիրը յառաջիկայ Երկուշաբթի պիտի սկսի սփռել «Արմնիուզ» կայանէն։
«Ա1+»ը 2010 թուականին կայացած թուային հեռարձակման ցանցի միջոցով պատկերասփիւռի հեռարձակում կատարելու մրցումին պարտուած էր՝ «Արմնիուզ»ին դիմաց։
«Ա1+»ը եթերազրկուած էր 2003ի նախագահական ընտրութիւններէն առաջ եւ մինչեւ օրս յայտագիրներ սփռելու իրաւունք չստանալը ժխտական անդրադարձ գտած է Հայաստանի լրատուական աշխարհին վերաբերող զեկուցումներուն մէջ։ Թէ՛ պատկերասփիւռի ընկերութեան ղեկավարութիւնը, եւ թէ մամուլի ոլորտի բազմաթիւ փորձագէտներ այս տարիներուն ընթացքին յայտարարած են, որ ընդդիմադիր «Ա1+»ին եթեր չտալը պայմանաւորուած է քաղաքական հանգամանքներով: 2010էն ի վեր ընկերութիւնը իր ծրագիրները կը սփռէ համացանցով։
«Արմնիուզ»ի գլխաւոր տնօրէն Արտակ Ալեքսանեան 4 Սեպտեմբերին յայտարարած է, որ իրենց եւ «Ա1+»ի միջեւ կնքուած համաձայնագիրով «Այբ Ֆէ» լրատուական-վերլուծական հաղորդումը պիտի սփռուի «Արմնիուզ»ի ճամբով՝ ժամը 9ին, շաբաթական հինգ օր՝ Երկուշաբթիէն Ուրբաթ:
«Նպատակը հեռուստադիտողին հնարաւորութիւն տալն է ստանալ ինֆորմացիոն ժանրի առաւել մրցակցային եւ բազմազան հեռուստապրոդուկտ: Հեռուստահաղորդումը ամբողջութեամբ պատրաստելու է «Ա1+» հեռուստաընկերութիւնը, «Արմնիւզ»ը չի միջամտելու այս հաղորդման խմբագրական քաղաքականութեանը, պայմանագիրը կնքւում է մէկ տարով եւ կ՛երկարացուի կողմերի փոխադարձ համաձայնութեան պարագայում», բացատրած է Ալեքսանեան:
«Ա1+»ի տնօրէն Մեսրոպ Մովսիսեան, իր կարգին յայտնած է, որ հակառակ համագործակցութեան, դեռ ընթացքի մէջ է Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի ազգային յանձնաժողովին դէմ «Ա1+»ի դատը, որուն մէջ որպէս երրորդ կողմ ներգրաւուած է «Արմնիուզ»ը («Ա1+»ը մերժած էր Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի ազգային յանձնաժողովին մրցումին արդիւնքները եւ բողոքած էր անոնց դէմ):
«Ես չէի ուզենայ, որ իրար հետ խառնուէր աշխատանքը եւ մեր իրաւունքները պաշտպանելու հանգամանքը: Մենք շարունակելու ենք պաշտպանել մեր իրաւունքները, իսկ «Արմնիուզ»ի պատուէրը մեծ սիրով ենք կատարելու», նշած է Մովսիսեան՝ «քաղաքակիրթ յարաբերութիւններ»ու ստեղծման պարագային բացառելով «Արմնիուզ»ի կողմէ «Ա1+»ը «կուլ տալու» կարելիութիւնը։