ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի մէջ Նոյեմբերին պիտի սկսի գործել առաջին ազատ տնտեսական գօտին։ 4 Սեպտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտարարեց Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Տիգրան Դաւթեան, որ այցելեց «ՌԱՕ ՄԱՐՍ» եւ «Երեւանի մաթեմատիքական մեքենաների գիտահետազօտական ինստիտուտ» ընկերութիւններու տարածքները, ուր պիտի կազմակերպուի առաջին ազատ տնտեսական գօտին: Անիկա պիտի տարածուի 83 հազար քառակուսի մեթրի վրայ, որուն 27 հազարը՝ «Երեւանի մաթեմատիքական մեքենաների գիտահետազօտական ինստիտուտ» ընկերութիւն, իսկ 56 հազարը՝ «ՌԱՕ ՄԱՐՍ»ի սահմաններուն մէջ:
Ազատ գօտիի կազմակերպիչն է ռուսական «Սիտրոնիքս» ընկերութիւնը:
«Սիտրոնիքս Արմէնիա» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Արմէն Խաչատրեան լրագրողներուն ըսաւ, որ ազատ տնտեսական գօտիին առնչութեամբ հետաքրքրութիւն կայ Միացեալ Նահանգներու, Չինաստանի եւ այլ երկիրներու կողմէ: Կազմակերպչական աշխատանքներ կատարելու նպատակով «Սիտրոնիքս Արմէնիա»ն արդէն իսկ ներդրած է 3 միլիոն տոլար:
«Պետութիւնն ազատ տնտեսական գօտում տրամադրում է արտօնեալ հնարաւորութիւններ՝ հրաժարուելով հիմնական հարկային եկամուտներից: Թող ոչ մէկի մտքով չանցնի, որ իրենց գործող պիզնեսները կարող են տեղափոխել ազատ տնտեսական գօտիներ: Մենք հետեւողական ենք, իսկ այս ամէնը արւում է նրա համար, որ ներգրաւենք նոր ներդրումներ, նոր ընկերութիւններ, նոր տեխնոլոգիաներ: Մենք լինելու ենք առաւել ճկուն, եթէ անհրաժեշտութիւն լինի, ապա աւելի կը խստացնենք ընկերութիւնների մասնակցութեան պահանջները», նշած է Տ. Դաւթեան: